image

Ղարաբաղի ճակատագիրը պիտի որոշեն հայերն ու ատրպէյճանցիները. Ալեքսանտր Լափշին

Ղարաբաղի ճակատագիրը  պիտի որոշեն հայերն ու ատրպէյճանցիները. Ալեքսանտր Լափշին

Իսրայէլցի եւ ռուս պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինը գրառում կատարած է ընկերային ցանցի վրայ՝ «Հարցեր, որոնք ատրպէյճանցիները կ'ուզէին տալ Լափշինին, սակայն ամչցեր են» խորագրով, որուն մէջ պատասխանած է այն հարցերուն, որոնք իրեն յաճախ կ'ուղղեն ատրպէյճանցի օգտատէրերը ընկերային ցանցերուն վրայ:

Ինչպէս կը ներկայացնէ պլոկըրը այդ հարցերը կ'առնչուին հիմնական անոր ծագմանն ու «Ղարաբաղի հետ իր պատմութեան»: Իրեն ուղղուած հարցերէն մէկը հետեւեալն է «Ինչո՞ւ կ'աշխատիս հայերու համար»:

«Ես ոչ մէկուն համար կ'աշխատիմ, ընդհանրապէս ոչ մէկուն: Երբեք ոչ մէկէ գումար չեմ ստացած իմ գործունէութեան համար: Երբ գացի ելոյթ ունենալու Եւրոխորհրդարանէն եւ ՄԱԿ-էն ներս երկու տարի առաջ, վճարուած են թռիչքներուս եւ հիւրանոցիս համար: Ալիեւի ռեժիմի դէմ պայքարի համար մնացեալ ամբողջ ընթացքին  ես հայկական կողմէն կոպեկ անգամ չեմ ստացած: Եւ նոյնիսկ, երբ ինծի իսկապէս գումար պէտք էր, օրինակ, Սթրասպուրկի Եւրոպական դատարան դիմելու համար, ես ոչինչ ստացեր եմ ոչ Հայաստանէն որպէս պետութիւն, ոչ ալ հայկական սփիւռքէն: Ինչ կը վերաբերի, Հայաստանի հասարակ ժողովուրդին եւ սփիւռքին, ապա անոնք ինծի այստեղ հիւրասիրած են, բուժած են լաւագոյն հիւանդանոցներուն մէջ՝ Պաքուի բանտին մէջ ստացած վնասուածքներէն ետք եւ միշտ սրտաբաց ընդունած են զիս, այդ մարդիկ ինծի համար երկրորդ ընտանիք դարձած են»,- գրած է պլոկըրը:

Լափշինը, հակադարձելով իրեն ուղղուած հարցին, թէ ինչո՞ւ Ղարաբաղի անկախութեան կոչ կ'ընէ», ըսած է, որ երբեք նման կոչ չէ ըրած. «Յիշեցնեմ, որ նոյնիսկ Պաքուի դատարանը սեւով սպիտակի վրայ նշած է, որ կոչի ապացոյցներ չեն ներկայացուած եւ այդ մասով մեղադրանքն ապացուցուած չէ»:

Անդրադառնալով հարցին, թէ «ինչո՞ւ այցելած է Ղարաբաղ», Լափշինը գրած է. «Պլոկըրի եւ լրագրողի պարտականութիւնն է այցելել այն տարածաշրջանները, որոնք անհրաժեշտ կը համարէ այցելել: Ես եղեր եմ աշխարհի 145 երկիր, այդ շարքին՝ Սուրիա, Իրաք, Քոսովո, Աբխազիա, Պաղեստին, Արեւմտեան Սահարա եւ այլն: Ղարաբաղ ամէն տարի տասնեակ հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կ'այցելեն, ինչպէս նաեւ 150 000 հայ այնտեղ կ'ապրին մշտապէս»:

Պատասխանելով հարցին, թէ ինչու այցելած է Ատրպէյճան՝ գիտնալով, որ կը գտնուի սեւ ցուցակին մէջ, պլոկըրը նշած է, որ Ատրպէյճանի ԱԳՆ կայքին մէջ հրապարակուած սեւ ցուցակը չի նշանակեր, որ կարելի չէ մուտք գործել Ատրպէյճան: Բացի այդ, իրեն հրաւիրած էին «Ֆորմուլա-1»-ի մրցաշարի կամզակերպիչները՝ 2016 թուականին: Երկիր ան մուտք գործած է ուքրանական անձնագրով, որ, իր խօսքով, օրինական է:

Լափշինը պատասխանած է նաեւ «Որո՞ւն կը պատկանի Ղարաբաղը» հարցին՝ ըսելով. «Հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն, եւ միայն այդ երկու ժողովուրդները պէտք է որոշեն անոր ճակատագիրը»:

Լրագրողը անդրադարձած է նաեւ հարցին, թէ ինչի կ'ուզէ հասնիլ Եւրոպական դատարանին մէջ: «Իմ բողոքը Ատրպէյճանի դէմ ներկայացուած է 2018 թուականին, ներկայ պահին աւարտած են շփումները Պաքուի իշխանութիւններուն հետ: Ես Ատրպէյճանը կը մեղադրեմ իմ անօրինական ազատազրկման եւ իմ դէմ մահափորձ կատարելու մէջ»,- մեկնաբանած է լրագրողը:

«Իսկ եթէ Ատրպէյճանը համաձայնի համաշխարհային պատերազմի երթալ»: Պատասխանելով այս հարցին՝ Լափշինը գրած է. «Չի համաձայնիր, այնտեղ ուրիշ մտածելակերպ կայ: Եւրոպացին կամ ամերիկացին, տեսնելով, որ սխալած է, կը փորձէ հարթել այն, պայմանաւորուիլ, եւ առաջ շարժիլ: Ատրպէյճանն ուրիշ է: Անոնք հետագային ալ ճակատով պիտի հարվածեն պատին եւ պիտի պնդեն, որ ճիշդ են, եւ բոլորը կ'աշխատին Հայաստանի համար»:

«Իսկ եթէ, այնուամենայնիւ, Պաքուի մէջ խելացի մարդիկ յայտնուին եւ ըսեն, որ պէտք է վերջ դնել այս ամէնուն: Ես միայն ուրախ կ'ըլլամ: Իմ պայմանները չեն փոխուած՝ մահափորձի գործին մէջ մեղքի խոստովանութիւն եւ փոխհատուցման վճարում»,- եզրափակած է Լափշինը: