Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը «Ռոսսիա-1» հեռուստաալիքի եթերին պատասխանած է «Քորոնա» ժահրի հնարաւոր արհեստական ծագման մասին հարցին, կը հաղորդէ «MK» կայքը։
Ռուսաստանի առաջնորդի խօսքով՝ չկայ որեւէ հիմք՝ պնդելու, որ ինչ-որ մէկը դիտաւորեալ ինչ-որ բան ստեղծած եւ դուրս նետած է:
Ռուսաստանի առաջնորդը առաջարկած է հակազդել անոր, ինչ տեղի ունեցած է, ոչ թէ «մտածել, թէ ուրկէ այն առաջացած է»։
Միեւնոյն ժամանակ ան չէ բացառած, որ մասնագէտները պէտք է նաեւ այդպիսի հարցադրում ընեն, իրենց «վերլուծումներու ընթացքին»։
Փութինը անգամ մը եւս կրկնած է, որ պետութեան համար կարեւոր է հասկնալ տեղի ունեցողի էութիւնը եւ կառուցել արդիւնաւէտ պաշտպանութիւն, իսկ ուրկէ այն ի յայտ եկած է՝ արդէն այլ հարց է։ Ան նաեւ դէմ արտայայտուած է այն երեւոյթին, որ երկիրներ զիրար կը մեղադրեն՝ առաջարկելով միաւորել ջանքերը այդ սպառնալիքէն ազատելու համար։