image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի դէմ որեւէ գործողութիւն, շրջանը կը տանի մեծ պատերազմի. Իրանցի բարձրաստիճան զօրավար

Իրանի դէմ որեւէ գործողութիւն, շրջանը կը տանի մեծ պատերազմի. Իրանցի բարձրաստիճան զօրավար

Իրանի գերագոյն առաջնորդ Այաթոլլա Սէյիտ Ալի Խամենէիի պաշտպանութեան գծով խորհրդականը զգուշացուցած է, որ ԱՄՆ-ի կողմէ իսլամական հանրապետութեան նկատմմաբ իրականացուած որեւէ յարձակում կրնայ տարածաշրջանային լայնամաշտապ պատերազմի վերաճիլ, գրած է tasnimnews.com կայքը։

«Չենք ողջուներ ճգնաժամը։ Չենք ողջուներ պատերազմը։ Պատերազմ սկսելու մտադրութիւն չունինք»,- նշած է ջոկատային զօրավար Հոսէին Տեհքանը, սակայն, նաեւ զգուշացուցած է, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի ղեկավարման վերջին շաբաթներուն հակամարտութեան սրացում կը նկատուի։

«Սահմանափակ, մարտավարական հակամարտութիւնը կրնայ լայնամաշտապ պատերազմի վերաճիլ։ Ի հարկէ, Միացեալ նահանգները, տարածաշրջանը եւ աշխարհը չի կրնար դիմանալ նման համապարփակ ճգնաժամի»,- նշած է Տեհքանը։

Նշուած է, որ նման նկատառումները որպէս պատասխան արձագանգ եղած են վերջերս New York Times հրատարակութեան կողմէ հրապարակուած յօդուածի մը, որուն մէջ նշուած է, որ Թրամբ իր աւագ խորհրդականներու հետ վերջերս քաննարկում ունեցած է մօտակայ շաբաթներուն Իրանի միջուկային ծրագրի դէմ քայլեր ձեռնարկելու տարբերակներու շուրջ։

Հրատարակութեան տուեալներով՝ շարք մը խորհրդականներ, այդ շարքին՝ փոխնախագահ Մայք Փենսը, պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն, պաշտպանական ոլորտի այլ խորհրդականներ ու պաշտօնեաներ Թրամբը համոզած են հեռու մնալ ռազմական դրութեան սրացումէն, քանի որ այն կրնայ աւելի լայն հակամարտութեան վերածուիլ։

Տեհքանը յոյս յայտնած է, որ Ճո Պայտընի վարչակազմի հետ հնարաւոր կ'ըլլայ նոր բաակցութիւններ սկսել։