image

Պէյրութ. Կամ ցոյցեր յանուն «սեւ հաց»ի

Պէյրութ. Կամ ցոյցեր յանուն «սեւ հաց»ի

 Պէյրութցիք հարիւրներով դարձեալ փողոց իջած են։ Պատճառը, ոչ միայն ամերիկեան տոլարի 10 հազարի շէմը հատելն է, այլ այդ պատկերի ստեղծումէն ետք սպասելի հետեւանքներուն խնդիրը։

 

 Երկիրը կանգնած է համատարած փլուզման եզրագծին եւ անշուշտ այդ փլուզման առաջին «ծիծեռնակներ»ը տեսանելի պիտի դառնան ամէնօրեայ պէտքական ապրանքներու «անհասկնալի» թանկացումով։

 

 Պէնզին, քարիւղ, վառելանիւթ, աւուր հաց, ելեկտրական հոսանք (պետական եւ «լէւի») եւ այլ կենսական ապրանքներ մեծապէս պիտի թանկանան ու շատ մը պարագաներու ալ շուկայէն պիտի «անհետանան»։

 Այս բոլորի լոյսին ներքոյ, մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէր բողոքի ցոյցերուն մասնակից քաղաքացիի մը մտահոգութիւնը կապուած, երկրի «ճարպիկ» վաճառարականներուն, որոնք կը գործեն «այսօրուայ սպիտակ լումադ, վաղուայ սեւ օրուան համար պահէ» սկզբունքով։

 

 Խօսքն ի հարկէ տնտեսական կենսական եւ «թանկ» ապրանքները պահեստարաններու մէջ «պահելու» մասին է, որ գուցէեւ նոր «հնարք» մը չէ այդ գործի վարպետներուն համար։

 Այդ քայլերն անշուշտ աւելիով կը բարդացնեն պարզ քաղաքացիին վիճակը, որ իր ամէնօրեայ եւ ամենապարզ կարիքները ապահովելու խնդիր ունի արդէն։

 

 Բաց աստի, որ «պահուած» ապրանքները աւելի թանկով պիտի վաճառուին, պիտի ստեղծուի վիճակ մը, որ օրինական պիտի դարձնէ «սեւ շուկայ» հասկացութիւնը։

 

 

 Եւ այսպէս ընթացք պիտի տրուի «Պէնզինի սեւ շուկայ»ին, «Քարիւղի սեւ շուկային», «Ներածուած ապրանքներու սեւ շուկայ»ին եւ շատ մը այլ «սեւ շուկաներ»ու, որոնք աւելիով պիտի մթագնեն առկայ ընդհանուր տեսարանը։

 Այստեղ սարսափ ստեղծելու համար չենք գրեր, այլ պարզապէս հարկ կը համարենք յիշեցնել, որ «սեւ շուկաներ»ը իրենց ամբողջական պարունակին եւ «իմաստ»ին մէջ կը ստեղծուին, միայն ու միայն նախապատերազմեան ժամանակներու ատեն ու այսօր ստեղծուած լարումները Լիբանանը կրնան «հանգիստ» կերպով առաջնորդել, դէպի նոր տեսակի ներքին բախումներ։

 

 

 

 Այս հաստատումները անշուշտ մեր դիմաց պարզ գոյներով կը բանան մտավախութիւններու ընդհանուր տեսարանը ու նաեւ ձեւով մը «օրինական» կը դարձնեն լիբանանցի քաղաքացիներու փողոց իջնելու քայլն ու յառաջիկային ալ բողոքի ալիքներու ծաւալելու հնարաւորութիւնները։

 

 Միւս կողմէ, այն ինչ որ կը կատարուի երկրի «քաղաքական խոհանոց»ին մէջ աւելի քան յստակ է, որ կը կատարուի, միայն ու միայն ժամանակ շահելու նպատակով։

 

 Ժամանակ շահիլ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բարդ եւ դժուար բանակցութիւններու նախասեմին, ժամանակ շահիլ Սուրիոյ ու նաեւ Իրաքի մէջ «սպասուած» զարգացումներու լոյսին տակ եւ ի վերջոյ ժամանակ շահիլ, արաբական ծոցի երկիրներու նոր տեսակէտներուն ու նաեւ Սէուտական Արաբիոյ ներ-իշխանական փակ սենեակներուն մէջ սպասուած զարգացումներու լոյսին տակ։

 

 Բոլորը կը սպասեն, ու ամենատխուրն այն է, որ Լիբանանցի քաղաքացին, որ փողոց իջած է պատառ մը հացի համար, կը սպասէ ու դեռ ալ պիտի սպասէ անօթի փորով։

 

 Մինչ քաղաքական պայքարի շեշտադրումները Լիբանանը կրնան տանիլ «նոնսէնս» վիճակի մը, անդին երկրի քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչները, իրենց հին-նոր նկրտումները կը վիճին ու դեռ ալ պիտի վիճին Պէյրութը «պաշարած» հրեշտակներու սեռին մասին։

 Պէյրութը հակամէտ է «այրելո՞ւ». Պատասխանը այո է, որովհետեւ առաջին անգամը, չէ, որ արեւելք-արեւմուտք խաղին մէջ ինկած այդ քաղաքը կը շարունակէ մնալ մեծ առանցք շրջանային-միջազգային խաղերու եւ խարդաւանքներու։

 

 «Ա»