image

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքը հիւանդանոցային բուժման տակ

Հայ Կաթողիկէ  Պատրիարքը  հիւանդանոցային բուժման տակ

 Հայ Կաթողիկէ   Պատրիարք   Ամեն. Տ. Գրիգոր- Պետրոս Կապրոյեան  որոշ  ժամանակէ մը ի  վեր  կը գտնուի  հիւանդանոցը անհրաժեշտ բուժումներ ստանալու համար։

  Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ   Հայ  Կաթողիկէ Պատրիարքարանի  մօտ կանգնած  աղբիւրէ մը։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ Պատրիարք հայրը որոշ անհանգստութիւններ զգացած է, որուն  հետեւանքով  ալ  Պատրիարքարանի մարմիններ  նպատակայարմար   նկատած են  Պատրիարքը  փոխադրել  հիւանդանոց։

Մեր  ունեցած  տուեալներով       յառաջիկայ օրերուն  Պատրիարքը դուրս պիտի գայ    բուժման  խստացուած  պայմաններու  հիւանդասենեակէն  եւ այդ մէկն անշուշտ  ցուցանիշ է հոգեւոր հօր  առողջացման  դրական ընթացքին։

 Առողջութիւն կը մաղթենք   Ամենապատիւ Պատրիարք հօր։