image

Գամիշլիի Պայթումներուն Հետեւանքով Զոհուածներուն Մէջ Կան 5 Հայեր

Գամիշլիի  Պայթումներուն Հետեւանքով Զոհուածներուն  Մէջ Կան  5 Հայեր

 Սուրիա-  Երէկ Գամիշլին ցնցած պայթումներուն հետեւանքով   զոհուած  են  16   անձեր, որոնց 5-ը հայեր են: Այս մասին «Արեւելք»   տեղեկութիւն ստացաւ  Պէյրութի   իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը           նշեց, որ    զոհուած   հայերը   անդամ են Հայ Կաթողիկէ համայնքին: Կը հաղորդուի նաեւ, որ     պայթումներուն հետեւանքով    կան 35     վիրաւորեալներ, որոնց մէջ կան  ծանր պարագաներ:     Յայտնենք, որ պայթումները  գրանցուած   են Գամիշլիի   «Մայամի»   ճաշարանին մօտ: Նախնական տուեալներով պայթումներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնած է   Տահէշ ահաբեկչական  խմբաւորումը: