image
Հրատապ լուրեր:

«Եթէ այս ցոյցերը շօշափելի արդիւնքներ չտան, ապա մեծ թիւով լիբանանահայ երիտասարդներ դէպի Հայաստան պիտի հեռանան». Վիգէն Հաննէսեան

«Եթէ այս ցոյցերը շօշափելի արդիւնքներ չտան, ապա մեծ թիւով լիբանանահայ երիտասարդներ դէպի Հայաստան պիտի հեռանան». Վիգէն Հաննէսեան

 

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ «Շիրակ» հրատարակչատան սեփականատէր՝ Վիգէն Հաննէսեան 

 

-Լիբանանի համար  բողոքի ցոյցերը նորութիւն չեն. Սակայն մէկէ աւելի վերլուծաբաններ նկատել կու տան, որ այս օրերուն Լիբանանի տարածքին ընթացող բողոքի ցոյցերը իւրօրինակ են. Ձեր կարծիքով ինչ են տարբերութիւնները։

 Գլխաւոր տարբերութիւնը այն է որ ցոյցերը տեղի կ՚ունենան Լիբանանի բոլոր տարածքին վրայ,գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ եւ չեն սահմանափակուած միայն Պէյրութով եւ ցուցարարները անխտիր կը պարզեն լիբանանեան դրօշակը։ Ցուցարարները զզուած են կուսակցութիւններէն, որ 15 տարի պատերազմեցան եւ երկիրը քանդեցին իսկ հիմա երկիրը կը ղեկավարեն։ 

 

-Շատեր կ՚ըսեն,որ այս ալիքը լիբանանցիներու մեծ մասը դուրս բերաւ յուսալքութենէ. Համաձայն  է՞ք։

Այո՛, որովհետեւ տարիներէ ի վեր, մանաւանդ Սուրիոյ պատերազմի ծագումէն ասդին Լիբանանը տնտեսական եւ կենսամակարդակի վայրէջքի մէջ է, որ կը սաստկանայ տարուէ տարի. Այս վիճակին գլխաւոր պատասխանատուները անշուշտ երկրի ղեկավարներն են։

 

-Վերջին օրերուն  Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը տարբեր առիթներով խօսեցաւ քաղաքացիական-ոչ հարանուային պետութեան մը կառուցման կարեւորութեան մասին. Կարելի է այդպիսի փոփոխութիւն ակնկալել։

Արդեօք ինք իր ըսածին կը հաւատա՞յ։Անկէ անկախ, խնդիրը պետութեան ձեւին մէջ չէ, խնդիրը ատակ եւ պարկեշտ պատասխանատուներ ունենալուն մէջն է. Պատասխանատուներ որ նախանձախնդիր ըլլան ժողովուրդին եւ երկրի բարգաւաճումին։Մնացածը մանրամասնութիւններ են։

 

-Լիբանանահայութեան վիճակը ինչպէս կը գնահատէք,  խանդավառ է՞  այս  ցոյցերով,  կամ թէ սպասողական է։

Բնականաբար Լիբանանահայ զանգուածը խանդավառ է այս ցոյցերով եւ իր խուռներամ մասնակցութիւնը կը բերէ որովհետեւ լիբանանահայն ալ նոյն դժգոհութիւնները ունի։

 

-Այս զարգացումները կրնան արագացնել լիբանանահայերու դէպի Հայաստան    ներհոսքի արագացմանը։

Եթէ այս բողոքի ցոյցերը շօշափելի արդիւնքի չհանգին եւ որակական փոփոխութիւններ չբերեն բնական է, որ լիբանանահայեր, մանաւանդ երիտասարդներ մտածեն  հեռանալ եւ Հայաստան հաստատուիլ։ 

 

-Ինչ  տուած է Լիբանանը ձեզի,  այդ  երկիրը հայրենիք  կը համարէ՞ք։

Լիբանանը շատ բան տուած է հայերուս. Հայութիւնը շատ բան կը պարտի Լիբանանին։

Անոր համար բոլոր այն հայերը որ Լիբանան հասակ  առած  են, ուր որ ալ գտնուին պէտք է նեցուկ կանգնին իրենց հայրենիքին մէջ տեղի ունեցող այս ցոյցերուն եւ արդարացի պահանջներուն։