Սուրիական բանակը կը շարունակէ իր յառաջխաղացքը Համայի հիւսիսային արուարաձանին մէջ: Վերատիրանալով ռազմավարական առումով կարեւորութիւն ներկայացնող Ալ-Զաքաթ գիւղին, բանակը իր տեսարկութեան տակ առած է Ալ-Լաթամնա եւ Քաֆար Զիթա գիւղերը: Այս երեք գիւղերը տարիներով շարունակ «Ժապհաթ ալ Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորման կեդրոնատեղին եղած են, ուրկէ անոնք հրթիռակոծած ու սպաննած են հազարաւոր անմեղ զոհեր:
Այս մասին կը գրէ «Սփութնիք»ը նշելով նաեւ, որ թէ թէժ մարտերու աւարտին, աջակցութեամբ՝ օդային ուժերու եւ հրթիռներու, Սուրիական բանակը ի վերջոյ կրցած է նուաճել Ալ-Զաքաթ գիւղը , վնասազերծելով տասնեակ զինեալներ որոնց մէջ նաեւ օտարերկրացիներ: Այս յառաջղացումով բանակը մօտեցած կը համարուի «Մորք»ի թրքական կէտին:
Նշենք որ զինեալ խմբաւորումները գրաւած էին այս գիւղերը 2012 թուականին. այս շրջանը կոչուած էր «մահուան եռանկիւն», բանակի ու ահաբեկիչներու միջեւ մղուած բազմաթիւ բախումներու պատճառաւ: