28 Յուլիսի գիշեր ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով զոհուած զինծառայողներէն Կորիւն Արայիկի Յարութիւնեանը Կոտայքի մարզի Հրազդան քաղաքէն էր, 18 տարեկան։ Ան 2021–ի Փետրուարին զօրակոչուած էր բանակ։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է անոր հարազատներէն Անի Առաքելեանը։
Կորիւնը ընտանիքի 4–րդ զաւակն էր, իրմէ մեծ երեք քոյր ունի։
Դպրոցը աւարտելէ ետք Կորիւնն ընդունուած էր Հայաստանի ազգային ագրարային համալսարան, քանի մը ամիս սորվելէ ետք զօրակոչուած է բանակ։
Կորիւնը եւ ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով զոհուած միւս շարքային զինծառայող Դաւիթ Քոչարեանը մտերիմ ընկերներ եղած են։
«Կորիւնը շատ ուժեղ էր թէ՛ կամքով, թէ՛ ֆիզիքապէս։ Փոքր տարիքից մարզանքով էր զբաղուում։ 15 օր առաջ էր 1 շաբաթով արձակուրդ եկել, պատմում էր իր զինուորական կեանքից, շատ ոգեւորուած էր։ Ռիսքով, հաւատարիմ ու նուիրուած ընկեր էր»,– պատմած է Անին։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ