Կը դիմենք միջազգային հանրութեան, մեր քոյր եկեղեցիներուն, եկեղեցական եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն, որպէսզի ազդու միջոցներ ձեռնարկեն՝ զսպելու Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական նկրտումներն ու ուժի դիրքերէն ներկայացուող նորանոր պահանջները, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան ժամանակ յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:
«Ինչպէս եւ վերադարձնելու Հայաստանից զաւթուած սահմանամերձ տարածքները, պաշտպանելու բռնի տեղահանուած արցախահայութեան ոտնահարուած իրաւունքները, ազատ արձակելու գերեվարուած հայորդիներին»,- աւելցուց Վեհափառը: