Արարատի միւս կողմէն կ'անցնիմ այս կողմ: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան, որ այս օրերուն կը գտնուի Հայաստան:
Փայլան գրած է, որ հիմա ժամանակն է բանալու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանը, մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ:
Ան նշած է՝ պատերազմներով պարտուեցանք բոլորս, եկէք մնայուն խաղաղութեան համար բոլորս պատասխանատւութիւն առնենք եւ յաղթենք: