Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած է, որ Ուքրանիան եւ Ֆրանսան կը բանակցին ֆրանսական Mirage 2000 բազմանպատակային կործանիչներու մատակարարման շուրջ։ Ան մանրամասներ չէ յայտնած բանակցութիւններու ընթացքի մասին, գրած է kommersant.ru-ն։
«Այո, մենք կը բանակցինք կործանիչներու վերաբերեալ», -ըսած է Զելենսքին՝ ի պատասխան LCI-ի թղթակցի հարցին, թէ ինչ հեռանկարներ կան Mirage 2000-ն Ուքրանիոյ մատակարարելու հարցով:
Փետրուար 16-ին Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան ղեկավար Քիրիլ Պուտանովը յայտնած է, որ կը սպասեն ֆրանսական կործանիչներու մատակարարումներուն։
Forbes-ը գրած է, որ Փարիզը կրնայ Քիեւին մատակարարել մօտ 20 միաւոր Mirage 2000, մինչդեռ 2023 թուականի սեպտեմբերին Ուքրանիոյ ռազմաօդային ուժերու խօսնակ Եուրի Իկնաթն ըսած է, որ Mirage 2000-ը հինցած մոտել է, որ ուքրանական բանակին պէտք չէ։