image
Հրատապ լուրեր:

Զելենսքի. «Յաղթանակը հազարաւոր զոհեր կը պահանջէ»

Զելենսքի. «Յաղթանակը հազարաւոր զոհեր կը պահանջէ»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին յայտարարած է, որ անկախութեան համար մղուող պատերազմին մէջ յաղթանակը Ուքրանիոյ տասնեակ հազարաւոր կեանքեր պիտի արժէ:

«Այս պատերազմը, ի հարկէ, անկախութեան պատերազմ է, կարելի է ըսել, որ սա յետաձգուած պատերազմ է, յետաձգուած է 30 տարիով` հաշուի առնելով, թէ ինչպէս մենք Անկախութիւն ձեռք բերած ենք 1991 թուականին, կամ հարիւր տարի` հաշուի առնելով մեր նախկին պատմութիւնը: 

Չեմ կասկածիր, որ մենք պիտի յաղթենք, եւ այդ պիտի ըլլայ մեր պատմութեան մէջ այնպէս, ինչպէս անկախութեան համար պայքարած եւ յաղթանակած միւս երկիրներու պատմութեան մէջ, որոնք դադրեցան խնդրողներ ըլլալէ եւ դարձան առարկաներ:

Բայց պէտք է յիշել, որ այս ամէնին գինը տասնեակ հազարաւոր կեանքեր են: Բոլոր անոնց կեանքը, որոնք զոհուած են թշնամիին ձեռքով: Տասնեակ հազարաւոր», ըսած է Զելենսքին: