ՀԱՊԿ Ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է է Հայաստան: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ռիա Նովոստի»-ն՝ վկայակոչելով ՀԱՊԿ քարտուղարութիւնը։
Զասը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստան կը գտնուին սեպտեմբեր 20-25-ը։
ՀԱՊԿ առաքելութիւնը պիտի ուսումնասիրէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի իրավիճակը, առաջարկներ պիտի ներկայացնէ՝ առկայ լարուածութիւնը թուլացնելու համար, նշած են ՀԱՊԿ քարտուղարութենէն։