Ընկերային հետազօտութիւններու կեդրոնի վարչութեան նախագահ, պատգամաւոր Զահիտ Օրուճը յայտարարած է Ատրպէյճանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնն առաջադրելու մտադրութեան մասին:
Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Օրուճն ըսած է նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն փաստաթուղթերը պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով:
Նշենք, որ Ատրպէյճանի մէջ արտահերթ նախագահական ընտրութիւնները նշանակուած են 2024 թուականի փետրուար 7-ին: Դեկտեմբեր 15-ին «Ենի Ատրպէյճան» կուսակցութեան վարչութեան ընդլայնուած նիստին որոշում կայացուած է նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրել գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւի թեկնածութիւնը: