Օրերս, Յունաստանի Հայոց Թեմի Երեսփոխանական արտակարգ ժողովին Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջնորդական փոխանորդ՝ Տ. Սահակ Ծ.Վրդ. Եմիշեան:
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Յունաստանի մեր պաշտօնակից՝ «Ազատ օր» պարբերականէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք բարեբաստիկ լուրին մասին լոյս տեսած հաղորդագրութիւնը։
Երկուշաբթի 1 Յուլիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Ֆիքսի «Աւետիքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յունաստանի Հայոց Թեմի Երեսփոխանական արտակարգ ժողով՝ միակ օրակարգ ունենալով նոր թեմակալ Առաջնորդի ընտրութիւն։
Առաջնորդական տեղապահ Արժ. Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, ժողովը բացաւ Տէրունական աղօթքով, ապա Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ պրն. Արա Մանկոյեան անդրադարձաւ արտակարգ ժողովի մասին։
Յաջորդաբար ընթերցուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի յղած 20 Յունիս 2024 թուակիր նամակը, ըստ որում յաջողութիւն կը մաղթէր Թեմիս գերագոյն ժողովին։
Ապա կատարուեցաւ Առաջնորդի ընտրութիւնը Վեհափառ Հայրապետի ուղարկած եռանուն ցանկէն եւ ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջնորդական փոխանորդ՝ Տ. Սահակ Ծ.Վրդ. Եմիշեան:
Ժողովի աւարտին, դիւանը շնորհաւորեց նորընտիր Առաջնորդ Հայր Սուրբը եւ բարի յաջողութիւն մաղթեց իր նոր պատասխանատու պաշտօնին մէջ: Ստորեւ կը ներկայացնենք նորընտիր Առաջնորդի կենսագրականը։