Յունաստանի Էրեթրիա քաղաքին մէջ հնագէտները յայտնաբերած են խճանկար, ուր պատկերուած են մերկ սատիրներ (այծամարդ)՝ հին յունական դիցաբանութեան կերպարներ: Այս մասին յայտնած է Greek Reporter-ը։
2,5 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող խճանկարը կը զարդարէ Ափոլլօն Տաֆնիֆորի սրբավայրի մօտ յայտնաբերուած կառոյցի յատակը։ Ըստ գիտնականներու՝ այս խճանկարը կը թուագրուի մ.թ.ա 4-րդ դարով: Խճաքարով խճանկարը կը պատկերէ բնութեան երկու ոգիներ՝ եղջիւրներով եւ պոչով: Անոնցմէ մէկը ֆլիւթ կը նուագէ, իսկ միւսը կը պարէ։
Սատիրները հին յունական դիցաբանութեան յայտնի կերպարներ են, որոնք նկարագրուած են որպէս Տիոնիսոս աստծոյ ուղեկիցները, որոնք կ՚ապրէին անտառներու, լեռներու եւ արօտավայրերու մէջ։