Երէկ տեղի ունեցաւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զէլէնսքիի հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ կանցլէր Օլաֆ Շոլցի, Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Տրակիի եւ Ռումանիոյ նախագահ Քլաուս Իոկանիսի հետ: Այս մասին յայտնածէ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Անտրէյ Երմաքը:
«Ուքրանիան ունի միջազգային դասշինքի հաստատուն աջակցութիւնը: Մենք պետութիւններու ղեկավարներուն յանձնած ենք Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու առաջարկներու ամբողջական փաթեթը, որ պատրաստած է Մաքֆոլ-Երմաք միջազգային խումբը: Մենք պէտք է մեծցնենք ճնշումը յարձակողին վրայ, աշխատինք կազային արգելքով պատժամիջոցներու եօթներորդ փաթեթին վրայ: Եւրոպան այսօր Ուքրանիոյ հետ է: Մենք պիտի յաղթենք», գրած է ան ընկերային ցանցերուն մէջ:
Միեւնոյն ժամանակ Շոլց շնորհակալութիւն յայտնած է Զէլէնսքիին՝ G7-ի գագաթաժողովին մասնակցելու հրաւէրը ընդունելու համար:
«Մենք` եւրոպացիներս, ամուր կանգնած ենք ձեր կողքին», գրած է ան Թուիթըրով: