Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնի հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամբի գնահատմամբ՝ նախագահական ընտրութիւններուն դեմոկրատական կուսակցութեան առաջադրած Քամալա Հարիսի յաղթանակի պարագային աշխարհը բախում պիտի ունենայ համաշխարհային երրորդ պատերազմի ծագման վտանգին հետ:
Այդ մասին յայտնած է The Times of Israel-ը:
«Այժմ առաւել քան երբեւէ մօտ ենք Երրորդ համաշխարհային պատերազմին: Երբեք այդքան մօտ չենք եղած, քանի որ երկիրը կը կառավարեն ոչ ատակ մարդիկ»,- նշած է Թրամբ:
Անոր կարծիքով՝ Հարիս Նաթանիահուի հետ հանդիպումէն յետոյ անյարգալից յայտարարութիւններ կատարած է Իսրայէլի հասցէին՝ նշելով, որ պիտի չլռէ Կազայի մարդասիրական ճգնաժամի վերաբերեալ եւ Իսրայէլի վարչապետին կոչ ըրած է դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները: