Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը կարծէ, որ ներկայիս իրավիճակի պահպանման պարագային Ամերիկան շուտով պիտի հասնի համաշխարհային երրորդ պատերազմի, որուն մէջ ստիպուած պիտի ըլլայ կռուիլ «առանց զինամթերքի»։
«Միացեալ Նահանգները կ'ընթանայ այնպիսի ճանապարհով, որ մենք շուտով կը յայտնուինք Երրորդ համաշխարհային պատերազմի մէջ, այն ալ` առանց զինամթերքի», – Այս մասին Truth Social ընկերային կայքի իր էջին գրառում կատարած է Թրամփ։
Անոր կարծիքով` «Չինաստանի հետ ունեցած եւ որեւէ այլ խնդիր լուծելու միակ տարբերակը Պայտընէն ազատիլն է»։