image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ ռուսական կողմին Լաչինի հարցով բանակցութիւնները կը շարունակուին

Ըստ ռուսական կողմին Լաչինի հարցով բանակցութիւնները կը շարունակուին

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներու կատարումը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Ըստ աղբիւրի՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահներու կողմէ 30 դիտակէտերէ իրադրութեան շուրջօրեայ հսկողութիւն եւ կրակի դադրեցման ռեժիմի պահպանման վերահսկողութիւն կ'իրականացուի:

Նշուած է, որ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցային գործընթացը հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու հետ՝ Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով (Լաչինի միջանցքով - խմբ.) փոխադրամիջոցներու անխոչընդոտ շարժը վերսկսելու վերաբերեալ։

«Պարեկութիւն իրականացուած է Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններուն մէջ եւ Լաչինի միջանցքին՝ երեք երթուղիներով։

Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահներու անվտանգութիւնն ապահովելու եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու նպատակով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներու հետ շարունակական փոխգործակցութիւնը կը պահպանուի»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: