Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է, որ Մոսկուան «վաղ թէ ուշ» կը վերականգնէ յարաբերութիւնները Ուքրանիոյ հետ: Այս մասին ան ըսած է ուրբաթ՝ 3 Սեպտեմբերին, հաղորդած է «Ինթըրֆաքս»-ը:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ հնարաւոր է, որ Ուքրանիոյ նախագահը օր մը գայ Վլատիվոսթոք կամ Սէյնթ Փիթըրսպըրկ տնտեսական համաժողովի, Փութին ըսած է.«Ի հարկէ, ես իսկապէս յոյս ունիմ, քանի որ կը կարծեմ, որ այն իրավիճակը, ուր մենք այսօր յայտնուած ենք, բացարձակ անբնական է: Վաղ թէ ուշ, եւ աւելի լաւ է, եթէ այդ տեղի ունենայ վաղաժամ, որքան շուտ, այնքան լաւ, մենք կը վերականգնենք Ուքրանիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները»: