ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակի տեղակալ Սապրինա Սինկ յայտարարած է, որ Փենթակոն կը տեսնէ Ռուսիոյ ներկայութեան աճ՝ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, սակայն մանրամասներ չէ յայտնած։
«Մենք կը տեսնենք Ռուսասիոյ ներկայութիւնը Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ եւ անոր շարունակական աճը», -ըսած է ան:
Սինկի խօսքով, Փենթակոնը մշտապէս կը վերահսկէ Ռուսասիոյ գործողութիւնները տարածաշրջանին մէջ, սակայն դեռ պատրաստ չէ խօսելու հնարաւոր պատասխան միջոցներու մասին։