image

Ըստ Պենի Կանցի՝ ԱՄՆ կ'աջակցի Իսրայէլին եթէ Իրանի վրայ յարձակի

Ըստ Պենի Կանցի՝ ԱՄՆ կ'աջակցի Իսրայէլին եթէ Իրանի վրայ յարձակի

Իսրայէլը պէտք է «ամէն ինչ ընէ», որպէսզի թոյլ չտայ Իրանին միջուկային զէնք ձեռք բերել, «հնարաւոր է, որ գայ պահ մը, երբ մենք այլ ելք չենք ունենար, քան գործելը»։ Այս մասին ըսած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանցը:

«Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք Իսրայէլ պետութիւնը պաշտպանելու իւրաքանչիւր հնարաւորութեան։ Մենք հնարաւորութիւններ կը զարգացնենք, եւ պէտք է շարունակենք ամրապնդել զանոնք», ըսած է Կանցը:

Պաշտպանութեան նախարարը կը պատրաստուի մօտ օրերս մեկնելու Ուաշինկթըն՝ քննարկելու Իրանի հարցը, եւ թէեւ ան ըսած է, որ կ'աջակցի համաձայնութեան հասնելու միջազգային ջանքերուն, ան շեշտած է, որ յստակ պիտի հասկցնէ, որ Իսրայէլը պիտի պահպանէ իր ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը:

Իսրայէլի դիւանագէտները շուրջօրեայ կ'աշխատին՝ բանակցութիւններուն մէջ ԱՄՆ-ի, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի վրայ ազդելու համար, սակայն ռազմական կառոյցը աւելի յոռետեսօրէն կը վերաբերի բանակցութիւններուն։

Թէեւ Կանցը հրաժարած է ըսելէ, թէ ո՞րն է Իսրայէլի կարմիր գիծը, ան նշած է, որ «պիտի գայ պահ մը, երբ տարածաշրջանը եւ Իսրայէլ պետութիւնը այլ ելք չեն ունենար, քան գործելը»։ Անոր խօսքով՝ եթէ համաձայնութիւն ձեռք չբերուի, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ դիտարկել ռազմական տարբերակը։