Առնուազն երեք պայթուցիկ սարքեր գործի դրուած են երկու տարբեր վայրերու մէջ՝ Կազայի հատուածի հիւսիսը գտնուող Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի դիրքերու անմիջական հարեւանութեամբ՝ խախտելով հրադադարը: Այս մասին յայտնած է «Ինթըրֆաքս»-ը՝ յղում նելով Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի X-ի էջին եղած յայտարարութեան:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ բացի այդ, տեղերէն մէկուն մէջ ՀԱՄԱՍ-ը գնդակոծած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի դիրքերը, եւ Իսրայէլի կողմը պատասխան կրակ բացած է:
«Միջադեպի ընթացքում թեթև վիրավորվել են մի քանի զինվորներ», - նշած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը: