Ընթերցումներս (42)
Պատմական սակաւաբանութիւն (գ)
1. Նախորդիւ բազում օրինակներով խօսեցանք մեր հին՝ պատմական բայերու աշխարհաբարի մէջ կրած ծաւալային պատկառելի նուազումին մասին, ինչպէս՝
--բազմացուցանել բազմացնել
--կառուցանել կառուցել
--ազդեցուցանել ազդել
--անջատանել անջատել
Ուր բայական արմատները պահպանուած են, անշուշտ, աշխարհաբարի մէջ, եւ ամփոփուած կամ անհետացած են պատմական ծաւալուն ածանցները միայն:
Բայերէն բացի ամփոփումի, կծկումի առարկայ դարձած են սովորական բառեր եւս:
Ստորեւ տեսնենք օրինակներ:
* * *
--որպէսզի շաղկապը, որով կը սկսի ստորադասական բարդ նախադասութեան ստորադաս բաղադրիչը եւ կը ծառայէ ցոյց տալու գլխաւորին նպատակը, ժամանակին հետ հակում ունեցած է դառնալու որ :
Օրինակ՝
***Աղբիւր գացի, որպէսզի ջուր խմեմ:
Ի՞նչ նպատակով գացի՝ ջուր խմելու նպատակով:
Արդի հայը հակամէտ է ըսելու՝
--Աղբիւր գացի, որ ջուր խմեմ:
Տակաւին աւելի առաջ երթալով՝ ան նաեւ կ’ըսէ.
--Աղբիւր գացի՝ ջուր խմելու:
Ի՞նչ նպատակով գացի՝ խմելու:
Ինչպէս կը նկատենք ամբողջ ստորադաս նախադասութիւն մը հետզհետէ վերա-ծուեցաւ մէկ տրական հոլով դերբայի՝ խմելու:
Եւ ընդունինք, որ այս վերջինն է ամէնէն կոկիկն ու բարեհունչը, այլեւ ամէնէն սակաւաբանը, այլ հարց թէ վերը բերուած բոլոր կաղապարներն ալ կենդանի են եւ ունին զուգահեռ կիրարկութիւններ:
Կծկումի առարկայ դարձած են՝
--ճանապարհ-ճամբայ,
--առաւօտ-առտու,
--երեկոյ-իրիկուն:
Ասոնց առաջին տարբերակները քիչ մը աւելի գրական հնչեղութիւն ունին: Երեքն ալ մաս կը կազմեն գրաբարին, մինչ ամփոփ ձեւերը յառաջացած են հետագային ու չեն գտնուիր «Նոր հայկազեան»-ի մէջ, որ գրաբարի բառարան է:
Ասոնք եւ նմանները, որոնց թիւը կը հասնի հազարներու յատուկ եղած են հեռաւոր ռամկօրէնին, որ անյիշելի ժամանակներէ կազմուած է գրաբարին զուգահեռ եւ կիրարկուած է ռամիկին՝ հասարակ ժողովուրդին կողմէ: Իսկ աշխարհաբարը իր գիրկը շատ լայն բացաւ նման բառերու առջեւ՝ իւրացնելով կամ պահելով հանդերձ գրաբարեան տարբերակները:
Փաստօրէն արդի հայերէնը կը կիրարակէ թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը:
Աշխարհաբար բառարանները տեղ կու տան երկուքին ալ:
Հնչիւնական զեղչումներ
Յարաբերաբար գրաբարին՝ աշխարհաբար անցած են մեծաթիւ բառեր, որոնք կորսնցուցած են իրենց մէկ կամ մէկ քանի հնչիւնները:
ա) Բառամէջի հնչիւններու կորուստ
Բաղաձայնի կորուստ՝բարշ-բաշ, մրսիլ-մսիլ, գորշ-գոշ, զոհր-զոհ, խարշել-խաշել, կարշն-կաշն, հարշիլ-հաշիլ, մարշիլ-մաշիլ, նիրհ-նիհ, շարժիլ-շաժիլ-ժաժիլ, վերհ-վեհ, վիրճիլ-վիճիլ, քարշել-քաշել եւ այլն:
Ձայնաւորի կորուստ՝ ատեան-ատեն, գեհեան-գեհեն, պատճեան-պատճեն, ցորեան-ցորեն, որոնց մէջ սղած է «ա» ձայնաւորը:
Ծանօթ.-1.Արեւելահայերէնը կը շարունակէ ըսել մրսիլ: 2. Եթէ խարշ եւ կարշն արմատները կորսնցուցած են իրենց «ր» բաղաձայնը համապատասխան բայերուն մէջ, այլուր կը պահեն զայն. օրինակ՝ աղեխարշ եւ կարշնեղ ածականներուն մէջ: 3. Բացաստի՝ ունինք կաշմբուռն ածականը, որուն առաջին՝ կաշն արմատը դարձած է կաշմ իրեն յաջորդող «բ» բաղաձայնին բերումով: 4. Քարշ արմատը նոյնութեամբ պահպանուած է քարշակ բառին մէջ:
բ) Բառավերջի հնչուններու կորուստ
«Ն» բաղաձայնի կորուստ՝ ակն-ակ, անձն-անձ, ափն (եզերք)-ափ, բեռն-բեռ, բուրգն-բուրգ, բուռն-բուռ, գառն-գառ, գեղմն-գեղմ, դուռն-դուռ, եզն-եզ, երկն-երկ, եօթն-եօթը, թոռն-թոռ, ինն-ինը (ինըն-ինը), լեառն-լեռ, կաթն-կաթ, կամն-կամ, կողմն-կողմ, հարսն-հարս, հիմն-հիմ, ձեռն-ձեռ, ձուկն-ձուկ, ճիգն-ճիգ, ճուռն-ճուռ, մասն-մաս, մատն-մատ, մուկն-մուկ, նուռն-նուռ, շուրթն-շուրթ, ողն-ող, ոսպն-ոսպ, ոտն-ոտ, որդն-որդ, որմն-որմ, ունկն-ունկ, ջերմն-ջերմ, ռունգն-ռունգ, սերմն-սերմ, տասն-տասը (տասըն-տասը), տուտն-տուտ, փուռն-փուռ եւ այլն:
«Ն» բաղաձայնով օժտուած էին գրաբարի բոլոր բայանունները՝ ազատումն, անջատումն, բաբախումն, խոստումն, ուսումն եւ այլն. ասոնք հազարներով աշխարհա-բար անցան առանց բառավերջի «ն»-ի՝ ազատում, անջատում, բաբախում եւ այլն:
Այս խումբի բառերը ներկայիս ունին երկու հոլով. աշխարհաբարեան՝ ազատումի, անջատումի եւ այլն. բայց զուգահեռ կը կիրարկուի գրաբարեան հոլովումն ալ՝ ազատման, անջատման, ուր պահպանուած է բառավերջի «ն»-ն:
Բառակազմութեան առթիւ այս պարզացուած ձեւերուն գրեթէ բոլորը կը վերականգնեն իրենց կորսնցուցած «ն» բաղաձայնը. այսպէս՝ ակնոց, անձնական, ծովափնեայ, բեռնակիր եւ այլն: Այսպէս է, քանի որ մեր բաղադիր բառերուն մեծ մասը նոյնութեամբ ժառանգած ենք գրաբարէն, իսկ նորակերտ բառերուն առթիւ ալ ընդհանրապէս հետեւած ենք գրաբարի բառակազմութեան օրէնքներուն՝ պահելով արմատներուն «ն» բաղաձայնը:
Քանի մը բառեր, ինչպէս՝ արծուի, հիւսիսի, պատասխանի, տեղի կորսնցուցած են իրենց «ի» ձայնաւորը՝ արծիւ, հիւսիս, պատասխան, տեղ:
Արմենակ Եղիայեան