image
Հրատապ լուրեր:

Ընդդիմութեան բողոքի գործողութիւնը՝ Կառավարութեան շէնքին եւ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին դիմաց

Ընդդիմութեան բողոքի գործողութիւնը՝  Կառավարութեան շէնքին եւ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին դիմաց

Ընդդիմութիւնը բողոքի ցոյց նախաձեռնած էր ՀՀ կառավարութեան շէնքի դիմաց: Ցոյցին միացած քաղաքացիները Կառավարութեան շէնքի մօտ, «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Նիկոլ դաւաճան», «Նիկոլ մահաբեր» վանկարկումներով,  Նիկոլ Փաշինեանէն պահանջեցին անյապաղ ազատ արձակել քաղբանտարկեալները։

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանն անդրադարձած է արտադրող Արմէն Գրիգորեանի մահուան, որ պատահած էր դատարանին մէջ, ինչպէս նաեւ յղի կնոջ մահուան ելքով վրաերթի դէպքին։

«Կառավարութեան շէնքում՝ վարչապետի սենեակում նստած մարդն իր վարքով թունաւորել է նաեւ իրեն ուղեկցողներին, որոնք երիտասարդ յղի կնոջը վրաերթի ենթարկելուց յետոյ, առանց աչքը թարթելու, անցան գնացին։ Արմէն Գրիգորեանը յայտնի հասարակական գործիչ է, շատերը ցնցուեցին նրա մահով, բայց ամէն մէկդ մտաբերէք, թէ պատերազմի հետեւանքով, հայրենազրկման հետեւանքով, հարիւրաւոր հայկական գիւղեր թուրքին յանձնելուց յետոյ օրական մեր քանի հայրենակցի սիրտ է կանգնում, քանի զաւակ կորցրած ծնող է մահանում։ Այդ բոլորի մեղաւորը այս շէնքում նստած մարդն է, որը 4 տարի շարունակ մեր երկրին բերեց մահ»,-ըսած է Գեղամ Մանուկեանը։

Ընդդիմութիւնը քաղբանտարկեալներու խնդիրներու լուծման պահանջով բողոքի ցոյց իրականացուցած էր նաեւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան մօտ։ Անոնք շեշտած էին, որ այդ ներկայացուցչութիւնը երկակի չափանիշեր կը կիրառէ  քաղաքական հայեացքներու համար իշխանութեան կողմէ կիրառուող բռնաճշումներուն վրայ։

Ցոյցի մասնակից Յովհաննէս Իշխանեանն ըսած է, որ Հայաստանի մէջ ազատազրկման մէջ գտնուող մարդիկ կը մահանան, իսկ ՄԱԿ ներկայացուցիչները լուռ են․«3 քաղբանտարկեալի՝ Մհեր Եղիազարեանին, Մանուէլ Գրիգորեանին, Արմէն Գրիգորեանին սպանեց այս իշխանութիւնը։ Ունենք երեք բանտարկեալ, որոնք զրկուել են կեանքի իրաւունքից այս իշխանութիւնների օրօք, որոնց չեն քննադատում Մարդու իրաւունքների ջատագով պետութիւնները, այլ ընդհակառակը պաշտպանում են, այսպէս կոչուած, ժողովրդավարութիւնը»։