image

Յիշելով Հրայր Ակիլեանը - «Հրայրատես»

Յիշելով Հրայր Ակիլեանը - «Հրայրատես»

Հրայրին հետ առաջին հանդիպումս եւ ծանօթութիւնս եղաւ Երեւանի մէջ: Շատ անմիջական, պարզ, ժպերես, համեստ, կատակասէր անձնաւորութեան մը տպաւորութիւնը գործեց վրաս: Այդ տպաւորութիւնը ա՛լ աւելի յարգանքի եւ համակրանքի վերածուեցաւ երբ սկսանք խօսիլ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն մասին, որովհետեւ մեր հանդիպումին պատճառը Սուրիոյ մէջ տիրող վիճակն էր:

Յարգանք եւ համակրանք կ՚ըսեմ, որովհետեւ, Հրայրը, հակառակ այդ ժամանակուան տիրող մթնոլորտին, տրամադրութիւններուն, իրապաշտ էր իր մօտեցումներուն մէջ, խորապէս համոզուած իր մտածումներուն, խօսքը կշռադատուած, առանց զգացումին եւ ճոռոմաբանութեան տեղ տալու:

Հրայրին համար լուծումը մէ՛կն էր. հայրենիք-Հայաստան:

 

 

Արդէն երկու տարի է, որ Հրայրը մեկնած է այս աշխարհէն: Ճիշդ է, որ ան ֆիզիքապէս բաժնուած է մեզմէ, սակայն բոլոր անոնք որոնք կրցած էին Հրայրի մտերմութիւնը շահիլ, ճանչցած էին զինք, առիթ ունեցած էին մօտիկէն զրուցելու, կամ գէթ համացանցի վրայ միտքեր փոխանակելու եւ կամ հետեւելու իր «համով-հոտով» գրութիւններուն, վստահ եմ, որ անոնց միտքերուն, սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ Հրայրը տակաւին ողջ է եւ ողջ ալ պիտի մնայ:

Հրայրին հետ առաջին հանդիպումս եւ ծանօթութիւնս եղաւ Երեւանի մէջ: Շատ անմիջական, պարզ, ժպերես, համեստ, կատակասէր անձնաւորութեան մը տպաւորութիւնը գործեց վրաս: Այդ տպաւորութիւնը ա՛լ աւելի յարգանքի եւ համակրանքի վերածուեցաւ երբ սկսանք խօսիլ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն մասին, որովհետեւ մեր հանդիպումին պատճառը Սուրիոյ մէջ տիրող վիճակն էր:

Յարգանք եւ համակրանք կ՚ըսեմ, որովհետեւ, Հրայրը, հակառակ այդ ժամանակուան տիրող մթնոլորտին, տրամադրութիւններուն, իրապաշտ էր իր մօտեցումներուն մէջ, խորապէս համոզուած իր մտածումներուն, խօսքը կշռադատուած, առանց զգացումին եւ ճոռոմաբանութեան տեղ տալու:

Հրայրին համար լուծումը մէ՛կն էր. հայրենիք-Հայաստան:

Հանդիպումի մասին որ կ՚ըսեմ, խօսքը 2014 թուականի մասին է: Հրայրը, ինչպէս նաեւ Հրայրին նման մտածող ուրիշներ աւելի ուշ սիրտի մորմոքով համոզուեցան, որ դժբախտաբար հայրենիքը տէր չկանգնեցաւ իր զաւակներուն, որոնք եկած եւ հանգրուանած էին իրենց տուն: Համոզուեցան, որ հայրենիքը գրեթէ ո՛չինչ ըրաւ, որպէսզի իրեն եկող այդ զաւակները պահէր իր մօտ, գուրգուրար անոնց, հոգ տանէր անոնց, որպէսզի անոնք չհեռանային իր փէշերուն տակէն:

Ոմանք հեռացան չդիմանալով հայրենիքին տրամադրած ահաւոր եւ դժուար պայմաններուն: Հրայրը, սակայն, հակառակ այն իրողութեան, որ բոլոր հնարաւորութիւններն ու կարելիութիւնները ունէր հեռանալու, հանգիստ կեանք մը ունենալու արեւմտեան տաք ափերուն վրայ, սակայն մնաց Հայաստան, աշխատեցաւ Հայաստանի համար եւ մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնաց իր համոզումներուն եւ որդեգրած սկզբունքներուն:

Հրայրին հետ վերջին անգամ խօսեցայ իր մահանալէն գրեթէ մէկ ամիս առաջ: Հեռաձայնին մէջէն ձայնը մեղմ ու հիւծուած կու գար, բայց լաւատեսութիւնը չէր կորսնցուցած, յոյսը չէր մարած իր մէջ եւ կը հաւատար, որ այդ փորձութիւնն ալ պիտի յաղթահարէր:

Բայց…

Յիշատակը միշտ անթառամ ու պայծառ պիտի մնայ Հրայրին, որ չեմ վարանիր ըսելու թէ ԻՐԱ՛Ւ ՀԱՅՈՒ բացառիկ տեսակ մըն էր:

 

*

Հրայրի հետ հանդիպումներու ընթացքին յաճախ կը խօսէինք Սուրիոյ իրավիճակին մասին: Ինչպէս վերը յիշեցի, Հրայրը միշտ իրապաշտ էր իր մօտեցումներուն եւ արտայայտած միտքերուն մէջ, ու այդպէս ալ մնաց մինչեւ վերջ: Իր այդ իրապաշտութենէն պատառիկ մը կը տեղադրեմ այստեղ: Կարդացողները վստահ եմ, որ անգամ մը կարդալէ ետք իրենց միտքերուն մէջ պիտի հարցնէին, հապա Հրայրը Արցախի վերջին իրադարձութիւններու մասին ի՞նչ կամ ինչե՜ր պիտի գրէր…

• Իսկապէս, ԱՆ յաղթեց, բոլոր իր դէմ ելած ոյւժերուն, մեծ եւ փոքր երկիրներուն, որոնք փորձեցին երկիրը քանդել:

Անոնք յաջողեցան իրենց «առաքելութեան» մէջ:

Երկիր մը ամբողջ քանդեցին, 23 միլիոն ժողովուրդին երկու երրորդը ցիր ու ցան ըրին, տնտեսութիւնը փճացուցին: Խնդրեմ, մենք յաղթեցինք չըսենք...

Դիմադրութիւնը շահեցանք, ըսենք, մարտահրաւէրը տապալեցինք, ըսենք, բայց՝ յաղթեցինք, չըսենք:

Ո՞վ յաղթեց եւ ինչպէ՞ս, բացատրութիւն մը տո՛ւր, բարեկամս:

Ո՞վ յաղթեց եւ ինչպէ՞ս, երբ՝ կէս միլիոն ՄԱՐԴ զոհուեցաւ, երկու հարիւրէն աւելին հայ ըլլալով:

Ո՞վ յաղթեց եւ ինչպէ՞ս, երբ հայ վարպետը իր կուտակած կոպէկները կորսնցուց:

Ո՞վ յաղթեց եւ ինչպէ՞ս, երբ հայը դարձեալ եղաւ ԳԱՂԹԱԿԱՆ, օտարութեան ճամբան բռնելով, հասաւ, Գանատա, Եւրոպա, Աւստրալիա:

Ո՞վ յաղթեց եւ ի՞նչպէս...

Խնդրեմ եւ խնդրեմ, բացատրեցէ՛ք:

 

Վարանդ Քորթմոսեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Վարանդ Քորթմոսեան

Վարանդ Քորթմոսեան

Վարանդ (Յակոբ) Քորթմոսեան։ Ծնած է Սուրիա, Քես...