Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Ալասքա այցի ընթացքին անոր անվտանգութիւնը պիտի ապահովեն անոր անձնական անվտանգութեան աշխատակիցները եւ ԱՄՆ գաղտնի ծառայութիւնը, այս մասին յայտնած է ԱՄՆ գաղտնի ծառայութեան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ Ռոպերթ Մաքտոնալտը։
Անոր խօսքով՝ նման գործելաձեւը չափանիշ է, եւ երկիրներու միջեւ քաղաքական տարաձայնութիւնները ատոր վրայ ազդեցութիւն չունին։ Որպէս օրինակ՝ Մաքտոնալտը բերած է Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր համաժողովի տարեկան նստաշրջանը, ուր տասնեակ երկիրներու, այդ շարքին՝ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական հակառակորդներու անվտանգութեան աշխատակիցները ներդաշնակ եւ արդիւնաւէտ կերպով կը փոխազդեն։