image

Յայտնի է «Համաս»ի կողմէ Իսրայէլին ներկայացուած առաջարկին բովանդակութիւնը

Յայտնի է «Համաս»ի կողմէ Իսրայէլին ներկայացուած առաջարկին բովանդակութիւնը

Պաղեստինեան «Համաս» շարժման զինեալներու ներկայացուցիչները պատրաստած են Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի հաստատման վերաբերեալ իրենց ծրագրի նախագիծը։ Փաստաթուղթի նախագիծին ծանօթացած է Reuters-ը։

Ծրագիրը բաղկացած է երեք փուլէ (իւրաքանչիւրը՝ 45 օր)՝ իսրայէլցի պատանդներու փոխանակում պաղեստինցի գերիներու հետ, Կազայի հատուածի վերակառուցում, իսրայէլեան զօրքերու ամբողջական դուրսբերում եւ մահացածներու մարմիններու փոխանակում։

Ըստ ծրագրի՝ կռիւը պէտք է դադրեցուի առնուազն չորսուկէս ամիսով։

Գործակալութեան տուեալներով՝ «Համաս»ի ծրագրի համաձայն՝ առաջին փուլին Իսրայէլի հետ հրադադարի շուրջ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան միջնորդներու միջոցով։ Նոյն փուլին տեղի պիտի ունենայ իսրայէլեան զօրքերու դուրսբերումը Կազայի հատուածի բնակեցուած տարածքներէն, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցներու ու փախստականներու ճամբարներու վերականգնումը։

45 օրուան ընթացքին կամ խաղաղութեան ծրագրի երկրորդ փուլի ընթացքին Իսրայէլի եւ «Համաս»ի միջեւ պէտք է տեղի ունենայ գերիներու փոխանակում Իսրայէլի մէջ գտնուող պաղեստինցի գերիներու հետ: Նոյն ժամանակահատուածին պէտք է տրամադրուի մարդասիրական օգնութիւն։

Յունուար 28-ին յայտնի դարձած է, որ Իսրայէլի եւ «Համաս»ի բանակցողները աւարտին պիտի հասցնեն ժամանակաւոր զինադադարի մասին նոր համաձայնագիրը։ Փետրուար 6-ին «Համաս»ը յայտնած է, որ «դրական պատասխան» ուղարկուած է Եգիպտոսի եւ Քաթարի ներկայացուցիչներուն՝ հրադադարի շրջանառուող համաձայնագրի պայմաններու վերաբերեալ։ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակը, իսրայէլեան հետախուզական «Մոսատ» գործակալութեան անունով, հաստատած է «Համաս»ի դիրքորոշման ստացումը։