image

«Յատուկ գործողութիւն»ը մշտակա՞ն. Փութինէն դիտարկում

«Յատուկ գործողութիւն»ը մշտակա՞ն. Փութինէն դիտարկում

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ մէջ յատուկ ռազմական գործողութիւնը կրնայ տեւական գործընթաց դառնալ։ Այս մասին ան ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահին առընթեր մարդու իրաւունքներու խորհուրդի անդամներու հետ հանդիպման ժամանակ։ Այս մասին յայտնած է interfax.ru-ն:

«Ինչ կը վերաբերի յատուկ ռազմական գործողութեան արդիւնքներու երկար գործընթացին, ապա, ի հարկէ, սա կրնայ երկար գործընթաց դառնալ: Բայց դուք նշեցիք, որ նոր տարածքներ յայտնուած են, սա շատ նշանակալի արդիւնք է Ռուսիոյ համար, սա լուրջ հարց է», -ըսած է Փութին:

«Եւ ի՞նչ թաքցնենք: Ազովի ծովը դարձաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան ներքին ծովը: Ասոնք լուրջ բաներ են: Դեռ Պետրոս Առաջինը կը պայքարէր Ազովի ծով հասնելու համար», -ըսած է ան:

Ռուսիոյ նախագահն ընդգծած է, որ ամենակարեւորը մարդիկ են, որոնք  կ'ապրին այս տարածքներուն վրայ։

«Հանրաքուէի արդիւնքները ցոյց տուին, որ մարդիկ կ'ուզեն ըլլալ Ռուսիոյ կազմին մէջ: Եւ անոնք իրենց կը համարեն այս աշխարհի մէկ մասը, այս տարածութեան, մեր ընդհանուր մշակոյթի, աւանդոյթներու, լեզուի մէկ մասը: Եւ սա ամենակարեւոր արդիւնքն է: Եւ անոնք այժմ մեզի հետ են: Եւ ասոնք միլիոնաւոր մարդիկ են, սա ամենակարեւորն է»,-ըսած է Փութին։

Միաժամանակ ան ընդգծած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ լրացուցիչ զօրահաւաքի մասին խօսիլը իմաստ չունի, ատոր կարիքը չկայ։