10 Տարի տեւած իր զինուորական ծառայութիւնը կատարելէ ետք Յարութ Պարսումեան կազմած է հայաբոյր ընտանիքը իր ծննդավայր ՝ Հալէպի մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Հալէպէն. Նշենք նաեւ, որ Յարութ իր կեանքի խոստումը տուած է ամուսնանալով Հալէպահայ Լարա Չիչեանին հետ։
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պսակի արարողութեան բաժնեկից եղած են զոյգին հարազատները, որոնցմէ շատեր յատուկ այս առիթին համար մեկնած են Հալէպ։
Տաս տարուան արիւնալի պատերազմը մեծ կորուստներու պատճառ հանդիսացաւ. Քիչ չեղան անոնք, որոնք յուսահատեցան եւ հեռացան Հալէպէն յաճախ ի մտի ունենալով, իրենց հեռացումը ստիպուած հեռացում մըն էր։
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայութեան եւ հայկականութեան պայքարի դրօշ հանդիսացող Հալէպը այսօր նոր փուլի մը առջեւ է։
Թէկուզեւ կան տնտեսական բաւականին խորքային դժուարութիւններ այնուամենայիւ աւելի քան յստակ է, որ Հալէպը դարձեալ պիտի վերականգնի։
Յարութն ու անոր կողակից նոր Հալէպի մէջ ծաղկող յոյսերու փոքրիկ հունտեր են, պայմանաւ որ մեծ ուշադրութիւն դարձուի անոնց ու այդ ուշադրութիւնը ըլլայ խորքային ու ազնիւ, որպէսզի ի վերջոյ արդարանայ անոնց քայլը եւ յաջողութեամբ պսակուի իրենց առաքելութիւնը։
Յարութն ու նպատակ դրած են շարունակել իրենց կեանքը ծննդավայր Հալէպի մէջ ու այդ առումով ալ անոնք արժանի են ամենաջերմ խօսքերուն։
Ամէն պարագայի այս շէնշող եւ ուրախալի լուրը նաեւ կարեւոր իմաստներ կը հագնի, այն իմաստով, որ Յարութը եւ իր իր սերունդի անդամները, որոնցմէ շատերը զոհուեցան Հալէպը հարուածած պատերազմին արիութիւնը ունեցան զէն ի ձեռին կռուելու յանուն Սուրիական հայրենիքին բարձր պահելով Հալէպահայութեան կամքի ուժն ու յարգանքի արժանի հայրենասիրութեան եռանդը։