image

Յանուն կեանքի որակի ապահովման. «Զանգեզուր»ի հիմնարկութիւնը (ԶՊՄԿ) միշտ առաջատար (Տեսանիւթ)

Յանուն կեանքի որակի ապահովման. «Զանգեզուր»ի հիմնարկութիւնը (ԶՊՄԿ) միշտ  առաջատար (Տեսանիւթ)

Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան հսկաներէն մէկը՝ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմբինատը   (ԶՊՄԿ) ներկայացուցած է կայուն զարգացման առաջին զեկոյցը: Սա կարեւոր իրադարձութիւն է այն առումով, որ կայուն զարգացումը կը վերաբերի մարդկային կեանքի որակի ապահովման: Զեկոյցը ներկայացուած է ԶՊՄԿ-ի 70-ամեակին նուիրուած գիտաժողովի ընթացքին: Միջոցառման մասնակցած են ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար՝ Գնէլ Սանոսեան, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմնի այլ ներկայացուցիչներ, ոլորտը համակարգող պաշտօնեաներ, ԶՊՄԿ-ի եւ այլ ընկերութիւններու ղեկավարներ, համալսարանական եւ այլ մասնագէտներ: 

Գիտաժողովի ժամանակ ելոյթ ունեցողները նշած են, որ Հայաստանի հնագոյն հանքարդիւնաբերութեան ընկերութիւնն իր գործունէութեան մէջ որդեգրած է շարք մը արժէքներու պահպանում, որոնցմէ կարելի է նշել՝ բնական պաշարներու խելամիտ շահագործում ի պահպանութիւն շրջակայ միջավայրին, ներդրումներու ճշգրիտ ուղղուածութիւն, գիտա-արհեստագիտական նուաճումներու օգտագործում, մասնագէտի եւ ընդհանրապէս անհատի զարգացում, հարկային եւ այլ պարտաւորութիւններու կատարում եւ այլն:  Այս բոլոր հարցերուն մէջ նկատի առնուած է հիմնականին միջազգային փորձը. մանաւանդ վերջին տարիներուն, աշխարհին մէջ մեծ միտումներ կան խելամիտ կերպով վարելու հանքարդիւնաբերութիւնը: Կայուն զարգացման զեկոյցը պատրաստելու գործին, անշուշտ, ընկերութեան համար կարեւոր հիմք ծառայած է նաեւ սեփական փորձը, 70-ամեայ կենսագրութեամբ ընկերութիւնը Հայաստանի եւ տարածաշրջանի մէջ ունի արճիճաքարի (մոլիպտեն) եւ պղինձի արդիւնահանման ու վերամշակման հարուստ եւ եզակի փորձ: 

ԶՊՄԿ-ի գլխաւոր տնօրէն, ԿէոՓրոՄայնինկ (GeoProMining) ընկերութիւններու խումբի նախագահ՝ Ռոման Խուտոլին իր ելոյթով նշած է, որ կայուն զարգացման հաշուետւութիւնը ընկերութեան հեղինակութեան, լաւ ընկերակցական քաղաքացի ըլլալու պարտաւորութեան եւ ընկերութեան դէմքի անբաժանելի մասն է։ Ան վստահութիւն յայտնած է, որ կայուն զարգացման առաջին զեկոյցի հրապարակումը ոչ միայն Հայաստանին, այլ նաեւ տարածաշրջանին մէջ առաջատար ընկերութիւն դառնալու ուղղուած առաջին քայլն է: 

Ան նշած է, որ որպէս հանքարդիւնահանող ընկերութիւն՝ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանը այսօր միջին հաշուով կ'ապահովէ Հայաստանի արտածման ընդհանուր ծաւալի 40 տոկոսը: Ընթացիկ տարուայ առաջին ինն ամիսներու տուեալներով` ոլորտն ապահոված է պիւտճէի մուտքերու 20 տոկոսը:  Անցած ինն ամսուայ ընթացքին ընկերութիւնը պետական պիւտճէ վճարած է 130 միլիառ դրամ, ինչ որ մրցանիշային ցուցանիշ կը համարուի: ԶՊՄԿ-ի գլխաւոր տնօրէնը նշած է նաեւ, որ կ'ակնկալուի մինչեւ ընթացիկ  տարուայ վերջը այդ թիւը հասնի 150 միլիառ դրամի: 

ԶՊՄԿ-ի կայուն զարգացման գիծով տնօրէն՝ Արմէն Ստեփանեան իր ելոյթով նշած է, որ կայուն զարգացման առումով ընկերութիւնը թէեւ ձեռքբերումներ ունի, սակայն այդ ծրագիրները նաեւ բարելաւման կարիք ունին, որ կարելի է իրականացնել ճիշդ աշխատանքի պարագային: 

«Որպէս պատասխանատու հանքարդիւնաբերողներ՝ մեզի համար կարեւոր է մեր աշխատակիցներու անվտանգութիւնը. գիտակցելով մեր ոլորտի բարձր վտանգաւորութիւնը եւ ներկայ խնդիրները՝ մենք առաջին հերթին կը փորձենք ներդնել այնպիսի ձեւաչափեր, որոնք միտուած են նուազեցնելու պատահարներու քանակը, նաեւ՝ աւելի բարելաւելու մեր աշխատակիցներու աշխատանքային պայմանները, քանի որ մեր աշխատակիցներն ամենակարեւոր շահառուներն են »:

Խօսուած է այն մասին, որ ընկերային տեսանկիւնէ ընկերութիւնն այսօր աւելի շատ միջոցներ կը ներդնէ համայնքային զարգացման մէջ: 

ԶՊՄԿ-ի կայուն զարգացման գիծով տնօրէնը տեղեկացուցած է նաեւ որ զարգացման ռազմավարութեան մէջ այս տարուընէ սկսեալ բարեգործական ծրագիրներուն աստիճանաբար պիտի փոխարինեն ընկերային ներդրումները, որոնք կը նպաստեն նաեւ աշխատատեղերու ստեղծման:

Ելոյթ ունեցողները, անոնց կարգին՝ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար՝ Գնել Սանոսեան  հանքավայրերու շահագործումը դիտարկած են բնապահպանական տեսանկիւնէ, որոնք միտուած են կայուն եւ առողջ ապագայի:

«Մենք այս ոլորտին մէջ երկու կարեւոր բան պէտք է նկատի ունենանք. առաջինը՝ շահագործման ընթացքին փորձել հնարաւորինս քիչ վնաս հասցնել բնութեան: Կայուն զարգացման տեսանկիւնէն նաեւ կարեւոր է, որ մենք ոչ միայն ընկերային, բնապահպանական, տնտեսական եւ այլ ծրագիրներ հաշուի առնենք, այլ նաեւ այնպէս շահագործենք հանքավայրերը, որ յաջորդ սերունդներուն արդարացիօրէն հնարաւորութիւն տանք, որ անոնք եւս կարողանան բնութեան այդ միջոցներէն օգտուիլ»,- լրագրողներու հետ զրոյցին նշած է նախարարը: 

Գիտաժողովի ընթացքին տեղի  ունեցած խմբային քննարկումներու ժամանակ ԱԺ Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ՝ Բաբկէն Թունեան ըսած է, որ պետութիւնն ունի յստակ քաղաքականութիւն եւ վերաբերմունք հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի նկատմամբ: «Հայաստանի համար հանքարդիւնաբերութեան ոլորտն անհրաժեշտութիւն է, բայց պէտք է ըլլայ պատասխանատու հանքարդիւնաբերութիւն: Ընդերքը պէտք է այնպէս շահագործել, որ շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութիւնը նուազագոյնի հասցուի: Ընդերքը կը պատկանի ժողովուրդին եւ ընդերքի հարստութիւնը, որ կը դառնայ փող, դրամագլուխ, պէտք է հնարաւորինս արդարացի վերաբաշխուի մեր երկրի, հասարակութեան մէջ»,- նշած է Բաբկէն Թունեան:  

Հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ ՀՀ կառավարութեան աշխատանքին անդրադարձած է ԶՊՄԿ-ի գլխաւոր տնօրէնի առաջին տեղակալ՝ Վարդան Ջհանեան, ըսելով, որ կառավարութեան քանի մը տարի առաջ այս ոլորտի հանդէպ քաղաքականութիւնն այսօր կտրականապէս փոխուած է. «Այս պահուն ունինք լրիւ ուրիշ մօտեցում: Մեր բարձրացուցած խնդիրներուն վերաբերեալ քննարկումներ կը կազմակերպուին, մեզ կը լսեն, խնդիրները հիմնականին դրական լուծում կը ստանան, ինչ որ կը նպաստէ մեր տնտեսութեան զարգացման եւ երկրի կայացման»,- ըսած է Ջհանեան: 

Ընկերութիւնը արդէն կը պատրաստէ կայուն զարգացման երկրորդ զեկոյցը, որ պիտի հրապարակուի 2023-ին, զեկոյցները պիտի ըլլան շարունակական: Ինչպէս առաջին զեկոյցին, երկրորդ զեկոյցին վրայ նոյնպէս պիտի աշխատի հայ եւ օտար մասնագէտներէ բաղկացած մասնագիտական խումբ: