image

«Յաղթանակը արդար կռիւ մղողինն է».Մհեր Ջուլհաճեան

  «Յաղթանակը արդար կռիւ մղողինն է».Մհեր Ջուլհաճեան

30 Տարի առաջ այս օրուան պէս Արցախի մէջ կը նահատակուէր լիբանանահայ  գաղափարապաշտ երիտասարդ, ՀՅԴ անդամ Մհեր Ջուլհաճեան։

 Յարգելու համար Մհերի  յիշատակը ստորեւ կը ներկայացնենք փունջ մը անոր գաղափարական մարդու մտքերէն՝

«Կորսուած են նախաձեռնելու, գործելու ամէն ձեռնհասութիւն եւ դարձած ենք դիտող, պարզ ամբոխ. երիտասարդութիւնը

դարձած է պատեհապաշտ այս կամ այն առիթներու եւ շահերու զոհ ըլլալով: Անհատականութիւններ գրեթէ գոյութիւն չունին, իսկ շատ մը անհատականութիւններ` հակադրուելով ուրիշներու, կը ճզմուին եւ կը կորսուին խօսքերու եւ բամբասանքներու ծովուն մէջ»:

«Թուական ու զինական գերազանցութիւնը միայն ժամանակաւոր յաջողութիւն կրնայ բերել… Վերջնական յաղթանակը անոր է, որ աւելի կազմակերպուած ու խորաթափանց է, որ արդար կռիւ կը մղէ եւ ոգին աւելի զօրաւոր է: Իսկ ասոր համար, անշուշտ, անհրաժեշտ է համայն հայութեան զօրակցութիւնն ու յանձնառու կեցուածքը»:

 

Մհերը՝ կարճ տողերու մէջ 

Ծնած է 28 նոյեմբեր 1967-ին, Պէյրութ։

Պատանի տարիքին կ՛անդամակցի ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան: 1984-ին մաս կը կազմէ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին: Մհեր ԼԵՄ-ի մէջ կը ստանձնէ վարչական եւ այլ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ, միշտ պատնէշի վրայ մնալով` լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան ամէնէն դժուարին պայմաններուն մէջ: 1986-ի փետրուարին Մհեր կը մտնէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարան, կը հետեւի բնագիտութեան ճիւղին եւ 1989 դեկտեմբերին կը ստանայ գիտութեան պսակաւորի վկայականը: Համալսարանական ուսումը կը շարունակէ երկրաբանութեան բաժանմունքին մէջ: 1989-ին Մհեր Ջուլհաճեան կը նշանակուի ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան վարիչ եւ այս պարտականութիւնը կը կատարէ մինչեւ մարտ 1991: 1990-ի հոկտեմբերին ան կու տայ դաշնակցականի իր երդումը եւ կ՛անցնի ՀՅԴ ԶՈՄ-ի շարքերը: 1992-ին կ՛ամուսնանայ եւ կը մեկնի Հայաստան: 23 օգոստոս 1993-ին Մհեր կը նահատակուի զինակից չորս ընկերներուն հետ, Արցախի Մարտունի շրջանի Մարզիլի գիւղին մօտ, երբ ան, Մերուժան Մոսիեան, Արտակ Մնացականեան, Լեւոն Համբարձումեան եւ Ռուդիկ Աւագեան կը ստուգէին հայկական սահմանապահ ուժերուն դիրքերը:

 Նշենք նաեւ, որ Մհերը փոխադրող ռազմական կառքին մէջ կային նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կ. Կ.ի անդամ Մերուժան Մոսիյեանը, ռազմիկներ՝ Արտակ Մնացականեանը եւ Լեւոն Համբարձումեանը, որոնք բոլորն ալ նահատակուեցան։