Վրաստանի մէջ ատրպէյճանցի զինծառայող զոհուած է: Դէպքը տեղի ունեցած է Մառնեուլիի մէջ զօրամասի տարածքին մէջ: Զինծառայող Զիյատտին Մամետովը մահացած է պահակութեան ժամանակ զէնքի հետ անզգուշ վարուելու հետեւանքով։
Նշուած է, որ կրակոց լսելէ ետք դիրքին մէջ ստուգում իրականացուած է, եւ յայտնաբերուած է Մամետովի դին։ Հաղորդուած է, որ ան հրազէնային վնասուածք ստացած է ծնոտի հատուածին մէջ եւ մահացած: