image
Հրատապ լուրեր:

Վրաստանի ԱԳ-ն մեկնաբանած է Թիֆլիսեան հանդիպումը

Վրաստանի ԱԳ-ն մեկնաբանած է Թիֆլիսեան հանդիպումը

 Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար՝ Իլիա Տարչիաշվիլին մեկնաբանած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը Թիֆլիսի մէջ։

«Շատ հպարտ եմ, որ Թիֆլիս դարձած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար՝ Ճէյհուն Պայրամովի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանի հանդիպման վայր։ Վստահ եմ, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու մեր համատեղ ջանքերը արդիւնք կու տան»,- գրած է ան թուիթըրեան իր միքրոպլոկով։