image

Վրացական կողմը հաստատած է «Բասթիոն» ֆրանսական զրահամեքենաներու տարանցումը Հայաստան

Վրացական կողմը հաստատած է «Բասթիոն» ֆրանսական զրահամեքենաներու տարանցումը Հայաստան

APM Terminals Poti ընկերութենէն հաստատած են յարձակողական բնոյթի «Պասթիոն» ֆրանսական զրահամեքենաներու տարանցումը՝ նախատեսուած Հայաստանի համար, հաղորդած է «Ազատութեան» վրացական ծառայութիւնը։

Ընկերութենէն, մասնաւորապէս, նշած են՝ սահմանափակումներու բացակայութեան պարագային APM Terminals Poti-ը չի կրնար անհիմն կերպով հրաժարիլ բեռերու ընդունումէն, որոնք պատժամիջոցներու տակ չեն։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները նախօրէին գրած էին, թէ Ֆրանսան մեծ քանակութեամբ «Պասթիոն» բազմապաշտօն զրահամեքենաներ եւ ատոնց համար նախատեսուած սարքաւորումներ ուղարկած է Հայաստան՝ Վրաստանով։ Ատրպէյճանը «խստօրէն դատապարտած էր» զրահամեքենայի առաքումը:

Պաշտօնական Երեւանը դեռ չէ յստակեցուցած՝ ստացած են արդեօք ֆրանսական զէնքը։

Երեւանն ու Փարիզը հոկտեմբերին ռազմական համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրեցին, ըստ որու՝ Ֆրանսան Երեւանին պիտի մատակարարէ GM 200 ռատիոտեղորոշիչ կայաններ, փոքր հեռահարութեան Mistral հրթիռներ, ինչպէս նաեւ պիտի օգնէ ուսումնասիրել ու հասկնալ՝ որոնք են Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան խոցելի կէտերը։