image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիոյ պատմութեան մէջ անկասկած որ ռուս ժողովուրդը կայ. Լաւրով

Ուքրանիոյ  պատմութեան մէջ անկասկած որ ռուս ժողովուրդը  կայ. Լաւրով

Ուքրանիոյ պատմութիւնը, որուն մէջ ռուս ժողովուրդը չկայ, գոյութիւն չունի: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը:

Ան նաեւ նշած է, որ Ուքրանիան փորձած է կառուցել իր ինքնիշխանութիւնը` վերացնելով ամէն ռուսականը եւ ոչ-ուքրանականը, ինչպէս նաեւ չեղարկելով իր պատմութիւնը:

Ռուսիոյ ԱԳՆ ղեկավարին խօսքով` Արեւմուտքը խրախուսած է այդ մօտեցումը` սպառնալիքներ ստեղծելու եւ Ռուսիան հաւասարակշռութենէն դուրս բերելու համար: