Ուքրանիոյ պատմութիւնը, որուն մէջ ռուս ժողովուրդը չկայ, գոյութիւն չունի: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը:
Ան նաեւ նշած է, որ Ուքրանիան փորձած է կառուցել իր ինքնիշխանութիւնը` վերացնելով ամէն ռուսականը եւ ոչ-ուքրանականը, ինչպէս նաեւ չեղարկելով իր պատմութիւնը:
Ռուսիոյ ԱԳՆ ղեկավարին խօսքով` Արեւմուտքը խրախուսած է այդ մօտեցումը` սպառնալիքներ ստեղծելու եւ Ռուսիան հաւասարակշռութենէն դուրս բերելու համար: