image

Ուքրանիոյ օդուժին կողմէ եղած հարուածը կը յիշեցնէ Պէյրութի պայթումը(Տեսանիւթ)

Ուքրանիոյ օդուժին կողմէ եղած հարուածը կը յիշեցնէ Պէյրութի պայթումը(Տեսանիւթ)

 

 

Նովա Քախովքայի շրջանի ռազմական եւ քաղաքացիական վարչակազմի ղեկավար Վլատիմիր Լէոնթեւ յայտնած է, որ Նովա Քախովքայի վրայ ուքրանական հարուածի հետեւանքները կարելի է համեմատել Պէյրութի նաւահանգստի պայթումին հետ։

Երկուշաբթի գիշեր, Խերսոն շրջանի Նովայա Քախովքա քաղաքին վրայ ուքրանական յարձակման պատճառով զոհուած է՝ 7, եւ վիրաւորուած՝ աւելի քան 60 մարդ: Այս մասին կը յայտնէ «Մայատին»ը:

Կայքը, յղում ընելով քաղաքի պաշտօնական իշխանութիւններուն, նշած է, որ Ուքրանիոյ կողմէ յարձակումը իրականացուած է ամերիկեան «Himars MLRS» հրթիռներով:

Քաղաքի իշխանութիւնները նաեւ յայտարարած են, որ թիրախաւորման պատճառով պայթումներ եղած են հանքային պարարտանիւթերու պահեստներու մէջ, որու հետեւանքով ալ հարիւրաւոր մարդիկ մնացած են փլատակներու տակ: 

Ռազմական աղբիւրը իր հերթին հաստատած է, որ «ռմբակոծման հրահանգը տուած է անձամբ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին»:

Նովա Քախովքայի շրջանի ռազմական եւ քաղաքացիական վարչակազմի ղեկավար Վլատիմիր Լէոնթեւ յայտնած է, որ Նովա Քախովքայի վրայ ուքրանական հարուածի հետեւանքները կարելի է համեմատել Պէյրութի նաւահանգստի պայթումին հետ։

«Կը վստահեցնեմ ձեզի, որ անոնք, որոնք ծրագրած էին այս բարբարոսութիւնը, գիտէին, թէ ինչ կայ պահեստներուն մէջ (ամոնիաքի նիթրաթ) եւ ինչ կ'ուզէին»,- աւելցուցած է ան՝ նշելով, որ «եղածը ճիշդ Պէյրութի մէջ պատահածն էր, 2   տարի  առաջ, երբ մեծ թիւով մարդիկ զոհուեցան։Այս արարքի հեղինակները պատերազմական յանցագործներ են, որոնց պէտք է դատել, եւ անպայման պիտի դատուին».- եզրափակած է Լէոնթեւ: