image

Ուքրանիայէն փախստականներու թիւը գերազանցած է 1,5 միլիոնը

Ուքրանիայէն փախստականներու թիւը գերազանցած է 1,5 միլիոնը

«Սա Եւրոպայի մէջ փախստականներու հետ կապուած ամենաարագ աճող ճգնաժամն է», այս մասին թուիթըրով յայտնած է ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով բարձագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտին` անդրադառնալով Ուքրանիայէն փախստականներու աճող թիւին: 

«Ուքրանիայէն աւելի քան 1,5 միլիոն փախստական 10 օրուայ ընթացքին տեղափոխուած է դրացի երկիրներ: Սա Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակներէն ի վեր Եւրոպայի մէջ փախստականներու հետ կապուած ամենաարագ աճող ճգնաժամն է», գրած է Կրանտին: