Քիեւը կը փափաքի փաստաթուղթ ստորագրել անոր վերաբերեալ, թէ ինչպէս տեղի պիտի ունենայ Մարիուփոլի «Ազովսթալ» գործարանի տարածքէն տարհանումը: Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ փոխվարչապետ, չվերահսկուող տարածքներու վերահամարկման հարցերով նախարար Իրինա Վերեշչուքը:
«Մենք բանակցութիւններու նոր փուլ սկսած ենք յատուկ գործողութեան («Ազովսթալ»-էն տարհանման վերաբերեալ) ճանապարհային քարտէզի շուրջ: Կարմիր Խաչը այսօր կը հանդիպի ռուսերուն հետ: Մենք բանակցած ենք անոնց հետ (Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի), ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի հետ եւ անոնց մանտաթ տուած ենք: Մենք կը փափաքինք, որ փաստաթուղթը ստորագրուի, թէ յստակ ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ «Ազովսթալ»-էն տարհանումը, մենք կը պատրաստուինք ստորագրման», ըսած է Վերեշչուք:
Ան նաեւ յայտարարած է, որ Թուրքիան հանդէս պիտի գայ որպէս միջնորդ բանակցութիւններու ընթացիկ փուլին մէջ: Անորա խօսքով, տարհանման գործողութիւնը պիտի իրականացուի մի քանի փուլով, որոնցմէ առաջինը ծանր վիրաւորներու տարհանումն է:
Մայիս 7-ին Վերեշչուքը յայտարարած էր, որ բոլոր խաղաղ բնակիչները տարհանուած են գործարանի տարածքէն: