image

Ողիմպոսը մաս պիտի կազմէ՞ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ցուցակին

Ողիմպոսը մաս պիտի կազմէ՞ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ցուցակին

Յունաստանի մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Աթենքը Ողիմպոսը ՄԱԿ-ի մասնագիտացուած այդ հաստատութեան Համաշխարհային մշակութային եւ բնական ժառանգութեան ցուցակին մէջ ներառելու յայտ ներկայացուցած է։

Գերատեսչութենէն ընդգծած են, որ յայտը Յունաստանի շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ ուժանիւթի նախարարութեան հետ համատեղ ներկայացուած են։

Շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ ուժանիւթի փոխնախարար Եորկոս Ամիրասը յոյս յայտնած է, որ ԵՈւՆԵՍՔՕ-ն հաւանութիւն կու տայ յայտին։

«Քայլ առ քայլ մենք ստեղծեր ենք Օղիմպոսի բնապահպանական պաշտպանութեան համակարգը՝ շնորհիւ այն բանի, որ մէկ տարի առաջ Յունաստանի նախագահը հրամանագիր ստորագրեց տարածաշրջանի բնական միջավայրի պահպանութեան եւ կառավարման մասին, իսկ այսօր մենք թարմացուած յայտ ներկայացուցած ենք Օղիմպոսը Համաշխարհային մշակութային եւ բնական ժառանգութեան ցուցակին մէջ ներառելու մասին»,-ըսած է ան։