image

Ո՞վ է Ամերիկայի իսկական նախագահը ըստ Պայտընի

Ո՞վ է Ամերիկայի իսկական նախագահը ըստ Պայտընի

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը համավարակի դէմ պայքարի կառավարութեան նոր ռազմավարութեան վերաբերեալ ելոյթի ժամանակ կատակած է, որ ԱՄՆ գլխաւոր վարակաբան Էնթոնի Ֆաուչին այնքան ներգրաւուած է Սպիտակ տան գործերուն մէջ, որ երբեմն կը թուի, թէ ան իսկական նախագահն է։

«Ես բժիշկ Ֆաուչին աւելի յաճախ կը տեսնէի, քան կինս։ Տեսէք՝ ով է նախագահը։ Ֆաուչին», ըսած է ան։  

Նշենք, որ Պայտընը ներկայացուցած է ձմրան շրջանին երկրին մէջ «Քորոնա»ի  տարածման դէմ պայքարի նոր ծրագիր, որ չի ներառեր լոքտաուն մտցնելու հնարաւորութիւն։ Անոր վարչակազմը մտադիր է կեդրոնանալ «Քորոնա»ի դէմ ԱՄՆ բնակչութիւնը քննութեան ենթարկելու եւ պատուաստումներու ընդլայնման վրայ: