Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամենեիի միջազգային հարցերու խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթի յայտարարած է, որ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ Ռուսիոյ քամահրանքի ֆոնին Թեհրան յստակ դիրքորոշում որդեգրած է՝ տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններն Իրանի համար կարմիր գիծ են։
«Գերագոյն առաջնորդի խօսքով՝ Իսլամական Հանրապետութիւնը կը կարծէ, որ ներկայ սահմաններն ընդհանրապէս չեն կրնար փոխուիլ»,- ըսած է Վելայաթի։
Ան նաեւ զգուշացուցած է Միացեալ Նահանգները՝ միջամտելէ Հարաւային Կովկասի զարգացումներուն: