Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Միութեան էջէն վերահասու դարձանք, թէ ՄԱՀԱԵՄ-ի Նախագահի պաշտօնակատար Վեր. Փօլ Հայտոսթեան հանգամանաւոր ելոյթ մը ունեցած է Լիբանանի արաբ-աւետարանական եկեղեցւոյ յատուկ միջոցառման ընթացքին։
Աղբիւրը մասնաւորապէս կը գրէ՝
Պէյրութի Ազգային (Արաբ) Աւետարանական Եկեղեցին, որ Միջին Արեւելքի տարածքին վրայ առաջին արաբախօս եկեղեցին էր, իր 175-ամեակը նշեց յատուկ յայտագիրով, Կիրակի, 14 Մայիս 2023ին, տեղական եւ միջազգային միջ-եկեղեցական առաջնորդներու ներկայութեամբ։
Այս առիթով, Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, ՄԱՀԱԵՄի Կեդրոնական Մարմինի Ատենապետ եւ Նախագահի Տեղապահ, Միութեան կողմէն քաջալերանքի պատգամ փոխանցեց այս պատմական եկեղեցիին, որը շատ մը Հայ Աւետարանականներու համար որպէս «Անկլօ-Ամերիկեան Եկեղեցի» ճանչցուած է։
«Վասն զի մենք Աստուծոյ գործակից ենք. դուք Աստուծոյ մշակութիւնն էք, Աստուծոյ շինութիւնն էք»։ (Ա. Կորնթացիս Գ.9)
