image
Հրատապ լուրեր:

Վենեզուելան Մատուրոյէն ետք. Մեծ հաշուով անորոշ ապագայ մը

Վենեզուելան Մատուրոյէն ետք. Մեծ հաշուով անորոշ ապագայ մը

Այսօր Վենեզուելան կանգնած է ճակատագրական խաչմերուկի մը առջեւ։ Սակայն հարցը միայն Վենեզուելայի մասին չէ։ Հարցը այն է, թէ ինչ տեսակի աշխարհակարգ կը կառուցուի մեր աչքերուն առջեւ։ Աշխարհ մը, ուր իշխանութիւնը կը փոխանցուի դատարաններու եւ ժողովուրդներու միջոցով, թէ աշխարհ մը, ուր զէնքը կը դառնայ վերջին, բայց վճռական փաստարկ։

Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ուժով պարտադրուած «կարգը» հազիւ թէ երկար կեանք կրնայ ունենալ։ Իսկ այն ժողովուրդները, որոնք կը կորսնցնեն ինքնորոշման իրաւունքը, նոյնիսկ բռնապետի անկումէն ետք, յաճախ իրենք զիրենք կը գտնեն նոր ձեւի մը ներքոյ եւ նոր դրօշի մը տակ։

Վենեզուելայի ապագան տակաւին անորոշ է։ Բայց մէկ բան յստակ է․ այսօր այնտեղ փորձարկուողը կրնայ վաղը կրկնուիլ այլ տեղերու մէջ։ Եւ այդ պատճառով, այս դէպքը պէտք է ընթերցուի ոչ միայն որպէս լատինամերիկեան ճգնաժամ, այլ որպէս համաշխարհային նախազգուշացում։

 

 

Արագ գործողութիւն եւ ձերբակալում

 Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի կողմէ Նիքոլաս Մատուրոյի ձերբակալութիւնը կը կատարուէր վերջին ամիսներուն Ուաշինկթըն-Քարաքաս լարուած յարաբերութեանց ու նաեւ ԱՄՆ-ի կողմէ հնչած ռազմական սպառնալիքներէն յետոյ։

 Մատուրոյի «պատմութիւն»ը վճռորոշ փուլ կը մտնէր, երբ անցեալ ուրբաթ (2 Յունուար 2026) օր Միացեալ Նահանգները օդային հարուածներ կ՚իրականացնէր Վենեզուելայի տարածքին մէջ։ Մայրաքաղաք Քարաքասը լուսադէմին կը ցնցուէր պայթումներու ձայներէն։ Քիչ անց, նախագահ Թրամփ կը յայտարարէր, թէ ամերիկեան ուժերը ձերբակալած են Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոն եւ իր կինը՝ Սիլիա Ֆլորէսը, եւ զանոնք օդային ճամբով դուրս բերած են երկրէն։

 Իր կարգին ԱՄՆ-ի գլխաւոր դատախազ Փեմ Պոնտի կը յայտնէր, թէ անոնք պիտի դատուին Նիւ Եորքի մէջ՝ թմրամիջոցներու վաճառքի եւ «նարքո-ահաբեկչութեան» մէջ ներգրաւուած ըլլալու մեղադրանքով։ Նոյն առումով եւ այս դէպքին յաջորդող շաբաթ օրը նոր մեղադրական հաղորդագրութիւն մը կը հրապարակուէր։

 Նախագահ Թրամփ Truth Social հարթակին վրայ կը տեղադրէր լուսանկար մը՝ «Նիլոլաս Մատուրոն USS Iwo Jima-ի վրայ» գրութեամբ։ Աւելի ուշ, Սպիտակ Տունը կը հրապարակէր տեսանիւթ մը, որուն մէջ Մատուրոն կ՚երեւէր ձեռնաշղթներով ՝ ԱՄՆ Թմրանիւթերու դաշնային ծառայութեան (DEA) գրասենեակին մէջ։

 Միջազգային յարաբաերութիւններու առումով այս յարձակումը եւ պաշտօնի վրայ եղող նախագահ մը ձերբակալելը աննախադէպ քայլ կը համարուի եւ ինչպէս վերը նշեցի դէպքը կը կատարուէր յատկապէս վերջին ամիսներուն երեւելի ու բացայայտ դարձած Մատուրոյի դէմ եղած ամերիկեան ճնշման քաղաքականութեան։ Անցող Սեպտեմբերէն ի վեր, ԱՄՆ նաւատորմը մեծ ուժեր կուտակած էր Վենեզուելայի ափերուն մօտ, հարուածներ հասցուցած էր «ենթադրեալ» թմրանիւթ փոխադրող նաւերու եւ բռնագրաւած՝ վենեզուելական նաւթատարներ։ Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու համաձայն, առնուազն 110 մարդ զոհուած է այդ գործողութիւններուն ընթացքին, ինչ որ կրնայ պատերազմական յանցագործութիւն նկատուիլ։

Այս գործողութիւնը Լատին Ամերիկայի մէջ ԱՄՆ-ի ամենամեծ ուղղակի զինուորական միջամտութիւնն է՝ 1989 թուականի Փանամայի ներխուժումէն ի վեր, որ խորքային կերպով ցնցեց միջազգային հանրութիւնը։

Ի դէպ Մարա Լակոյի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին, Թրամփ կը յայտարարէր, թէ Միացեալ Նահանգները ժամանակաւորապէս «պիտի կառավարէ երկիրը», մինչեւ իշխանութեան փոխանցումը, եւ կը յայտարարէր, որ ամերիկեան նաւթային ընկերութիւնները պիտի մտնեն Վենեզուելա։

Այս բոլորէն ետք յստակ է մէկ բան, որ Վենեզուելայի քաղաքական ապագան տակաւին անորոշ է։ Չնայած Թրամփի յայտարարութիւններուն, երկրի բանակը տակաւին կը վերահսկէ հիմնական ռազմական կառոյցները։ Շաբաթ օրը Վենեզուելայի Գերագոյն դատարանը փոխնախագահ Տելսի Ռոտրիկեսը կը նշանակէր ժամանակաւոր նախագահ՝ Մատուրոյի «ժամանակաւոր բացակայութեան» պատճառով։

Ռոտրիկէսը, որ մարքսիստական շարժման ժառանգորդ է, բայց նաեւ կրթուած դիւանագէտ, ըստ Թրամփի՝ ստիպուած է համագործակցիլ Ուաշինկթընի հետ։

Թրամփ միեւնոյն ժամանակ կը մերժէր Վենեզուելայի ժողովրդավարական ընդդիմութիւնը՝ ըսելով, թէ Նոպելեան մրցանակակիր Մարիա Կորինա Մաչատօն չունի անհրաժեշտ աջակցութիւն։

 

Ինչպէ՞ս հասանք այս կէտին

Թրամփի երկրորդ նախագահութեան սկիզբէն ի վեր, Վենեզուելան դարձած է անոր հիմնական թիրախներէն մին։ Ան Մատուրոն մեղադրեց թմրանիւթերու վաճառքի, տարածաշրջանային ապակայունացման եւ անօրինական ներգաղթի մէջ։ Յուլիսին, ԱՄՆ-ը 50 միլիոն տոլարի մրցանակ սահմանեց Մատուրոյի «գլխուն» համար։

Այստեղ չմոռնամ նշել, որ ԱՄՆ-Վենեզուելա լարուածութիւնը խոր արմատներ ունի։ Երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները սկսան վատթարանալ 1999-ին՝ Հիւկօ Չաւէսի իշխանութեան գալով։ Չաւէսի մահէն ետք, 2013-ին իշխանութեան եկաւ Մատուրոն, որուն օրօք երկիրը թեւակոխեց տնտեսական եւ քաղաքական խոր ճգնաժամ մը։

2024-ի նախագահական ընտրութիւններուն , ըստ միջազգային դիտորդներու, Մատուրոն ծանր պարտութիւն կրեց, սակայն իշխանութիւնը պահեց կոշտ ճնշումներով։

2024-ի Դեկտեմբերին, Թրամփի վարչակազմը հրապարակեց այն, ինչ անուանեց «Թրամփեան ուղղութիւն», ըստ որուն Արեւմտեան կիսագունդը պէտք է գտնուի ԱՄՆ-ի քաղաքական եւ ռազմական վերահսկողութեան տակ։

 

Ո՞վ է Նիքոլաս Մատուրոն եւ ինչո՞ւ ձերբակալուեցաւ

Մատուրոն Վենեզուելայի նախագահն է 2013-էն ի վեր։ Նախկին երթուղային վարորդ մը, ան բարձրացաւ քաղաքական աստիճաններով Չաւէսի օրօք։ ՄԱԿ-ի գնահատականով՝ անոր իշխանութեան տարիներուն տասնեակ հազարաւոր մարդիկ զոհ գացին արտադատական սպանութիւններու։

Թրամփ զինք կը մեղադրէ թմրանիւթերու եւ յանցաւոր ցանցերու միջոցով ԱՄՆ-ին վնաս հասցընելու մէջ, թէեւ մասնագէտներ կը նշեն, որ այս մեղադրանքներուն համար յստակ ապացոյցներ չկան։

 

Վենեզուելայի «մութ» ապագան… 

Վենեզուելայի ապագան մութ է։ Այդ երկրի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարած է, թէ երկիրը պիտի դիմադրէ «օտար ներխուժումին»։ Թէեւ Մատուրոն ձերբակալուած է, պետական եւ զինուորական կառոյցները տակաւին կը գործեն։

ԱՄՆ-ը չի բացառեր նոր ռազմական գործողութիւններ։ Փորձագէտներու կարծիքով, իշխանութեան «գլխատում»ը կրնայ յանգեցնել երկարատեւ քաոսի, ներքին բախումներու եւ գաղթականներու զանգուածային հոսքի։

Ինչ որ յստակ է՝ Միացեալ Նահանգները վճռած է առանց երկմտելու դեր խաղալ Վենեզուելայի ապագային մէջ՝ ուժով կամ այլ միջոցներով։

 Նիքոլաս Մատուրոյի ձերբակալութիւնը ոչ միայն Վենեզուելայի քաղաքական պատմութեան շրջադարձային պահ մըն է, այլ նաեւ միջազգային կարգի մը խորը ճեղքման արտայայտութիւնը։ Առաջին անգամը չէ, որ մեծ տէրութիւն մը կը միջամտէ փոքր կամ թուլացած պետութեան ներքին գործերուն, սակայն այս պարագային միջամտութիւնը տեղի ունեցաւ բացայայտ, անթաքոյց եւ ցուցադրական ձեւով՝ առանց դիւանագիտական «ծածկոց»ներու։

Թրամփի վարչակազմը փաստօրէն հռչակեց, թէ ուժը կրնայ վեր դասուիլ միջազգային օրէնքէն, իսկ «կայունութիւն» հասկացութիւնը կրնայ սահմանուիլ ըստ հզօրին շահերուն։ Այս տրամաբանութեան մէջ, ժողովրդավարութիւնը կը դառնայ գործիք, ոչ թէ սկզբունք, իսկ մարդկային իրաւունքները՝ ընտրովի փաստարկ։

Վենեզուելայի պարագան նաեւ զգուշացնող ազդանշան մըն է բոլոր այն երկիրներուն համար, որոնք քաղաքական, տնտեսական կամ աշխարհաքաղաքական առումով կը գտնուին մեծ ուժերու «աքցան»ին միջեւ։ Երբ պետութիւն մը կը թուլանայ ներսէն, երբ իր ժողովուրդին վստահութիւնը կը քայքայուի, ան կը դառնայ դիւրին թիրախ՝ արտաքին «փրկարարներ»ու համար, որոնք յաճախ կը բերեն ոչ թէ ազատագրում, այլ նոր կախուածութիւն։

Այսօր Վենեզուելան կանգնած է ճակատագրական խաչմերուկի մը առջեւ։ Սակայն հարցը միայն Վենեզուելայի մասին չէ։ Հարցը այն է, թէ ինչ տեսակի աշխարհակարգ կը կառուցուի մեր աչքերուն առջեւ։ Աշխարհ մը, ուր իշխանութիւնը կը փոխանցուի դատարաններու եւ ժողովուրդներու միջոցով, թէ աշխարհ մը, ուր զէնքը կը դառնայ վերջին, բայց վճռական փաստարկ։

Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ուժով պարտադրուած «կարգը» հազիւ թէ երկար կեանք կրնայ ունենալ։ Իսկ այն ժողովուրդները, որոնք կը կորսնցնեն ինքնորոշման իրաւունքը, նոյնիսկ բռնապետի անկումէն ետք, յաճախ իրենք զիրենք կը գտնեն նոր ձեւի մը ներքոյ եւ նոր դրօշի մը տակ։

Վենեզուելայի ապագան տակաւին անորոշ է։ Բայց մէկ բան յստակ է․ այսօր այնտեղ փորձարկուողը կրնայ վաղը կրկնուիլ այլ տեղերու մէջ։ Եւ այդ պատճառով, այս դէպքը պէտք է ընթերցուի ոչ միայն որպէս լատինամերիկեան ճգնաժամ, այլ որպէս համաշխարհային նախազգուշացում։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...