Գործադուլ յայտարարած հանրայառքերուն վարորդները, որոնք այսօր՝ Դեկտեմբեր 13-ին, հրաժարած էին երթուղի դուրս գալ, քիչ առաջ դադրեցուցին բողոքի շարժումը: Անոնք յայտարարեցին, որ իրենց խնդիրներուն լուծում տրուած է։
Քաղաքապետարանի պաշտօնեային հետ Ջրվէժի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն յետոյ յայտարարուեցաւ, որ խնդիրները լուծուել են եւ վարորդները երթուղի դուրս պիտի գան:
Վարորդներէն մէկը լրագրողներուն յայտնեց, որ իրենց խնդիրները 99 տոկոսով լուծուած են։ «Աշխատավարձը բարձրացած է, առաջին շարքը բաց էպիտի ըլլայ, զուգարաններուն հարցը պիտի լուծուի", ըսաւ ան, սակայն չհրապարակեց, թէ որքան պիտի բարձրանայ աշխատավարձը։