image

Վարանդայի մէջ ատրպէյճանցի զինուորը անձնասպան եղած է

Վարանդայի մէջ ատրպէյճանցի զինուորը անձնասպան եղած է

Վարանդայի մէջ ատրպէյճանցի զինծառայողը հրազէնով ինքնասպանութիւն գործած է: Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի զինուորական դատախազութիւնը։

«Ֆիզուլիի զինուորական դատախազութիւնը տեղեկութիւն է ստացել, որ Պաշտպանութեան Նախարարութեան N զօրամասի զինծառայող Մամետով Ռամիլ Իլհամ օղլուն ինքնասպան է եղել՝ հրազէնից կրակելով իր վրայ»,- գրած է ԱՊԱ գործակալութիւնը՝ նշելով, որ այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի զինուորական դատախազի աւագ օգնական, Զինուորական դատախազութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Ֆիրատ Ալիեւը։

Փաստի առթիւ Ֆիզուլիի զինուորական դատախազութեան կողմէ յարուցուած է քրէական գործ Ատրպէյճանի Քրէական օրէնսգիրքի 125 յօդուածի յատկանիշներով (ինքնասպանութեան դրդելը)։