image

Վաղը պէտք է Ստեփանակերտի եւ Պաքուի հանդիպում ըլլար, Ատրպէյճանը հրաժարած է․ Տիգրան Պետրոսեան

Վաղը պէտք է Ստեփանակերտի եւ Պաքուի հանդիպում ըլլար, Ատրպէյճանը հրաժարած է․ Տիգրան Պետրոսեան

Վաղը պէտք է Ստեփանակերտի եւ Պաքուի հանդիպում ըլլար, բայց Ատրպէյճանը հրաժարած է։

Այս մասին դիմատետրեան ուղիղ եթերին տեղեկացուցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահին կից հակաճգնաժամային խորհուրդի նախագահ Տիգրան Պետրոսեանը։

Ան մանրամասնած է, որ 1 օգոստոսին Փրաթիսլաւայի մէջ պէտք է տեղի ունենար հանդիպում Ատրպէյճանի եւ Արցախի ներկայացուցիչներու միջեւ, սակայն Ատրպէյճանը 2 օր առաջ առանց պատճառաբանութեան հրաժարած է ներկայանալ հանդիպման։

«Վաղը կամ միւս օրը դրսի ներկայացուցիչները կը ժամանեն Երեւան եւ կը լինի որոշ քննարկումներ։ Քննարկումները կ'աւարտուեն, ես կը ներկայացնեմ, թէ ինչ են քննարկել։ Ուզում են անդրադառնալ Մոսկուայի պահուածիքն։

Մոսկուան այս պահին առաջարկում է գնալ Եվլախ հանդիպման, այսինքն՝ Մոսկուան Ադրբեջանում է հանդիպում կազմակերպում, երբ Բաքուն սկսել է ազատագրական պայքարին մասնակցած արցախցիներին առեւանգել, Վագիֆ Խաչատրեանի օրինակն է հենց մեր աչքի առջեւ։ Մոսկուայի առաջարկը ծաղրանք է մեր նկատմամբ»,- ըսած է Պետրոսեանը։

Արցախի Հանրապետութեան նախագահին կից հակաճգնաժամային խորհուրդի նախագահի խօսքով՝ իրենք այս պահուն կը սպասեն Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի առաջարկներուն, որպէսզի  ի մի բերեն եւ նոր որոշեն ընելիքները։

 Յիշեցնենք, որ շրջանառուող տեղեկութիւններու համաձայն՝ յառաջիկայ օրերուն Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ եւրոպական քաղաքներէն մէկուն մէջ պէտք է կայանայ Ստեփանակերտ-Պաքու երկխօսութիւնը: